Պոլսոյ «Ակօս» թերթը նոր խմբագիր ունեցաւ

By Asbarez | Wednesday, 04 February 2015

 

 

Պոլսոյ հայկական <<Ակօս>> թերթի գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը այսուհետեւ պիտի ստանձնէ Եդուարդ Տանզիկեան, որ պիտի փոխարինէ 2010 թուականէն զայն վարող Ռոպեր Քոփթաշին: Իր հրաժեշտի նամակին մէջ Քոփթաշ իբրեւ խմբագիր անցուցած հինգ տարիները անուանած է ուսուցողական կենսափորձ: Խօսելով խմբագիրի պաշտօնէն հեռանալու իր որոշումին մասին՝ ան նշած է, որ որեւէ հիմնարկի համար անհրաժեշտ է շարունակականութիւն եւ շարունակական զարգացում: <<Ես ալ, կարծելով, որ եկած է ժամանակը, նոր գործունէութեամբ զբաղիմ, որոշեցի հեռանալ <<Ակօս>>ի խմբագիրի պաշտօնէն, որ արդէն հինգ տարիէ ուրախութեամբ եւ մեծ ոգեւորութեամբ կը զբաղեցնեմ>>, նշած է Քոփթաշ:


<<Ակօս>> թերթի նոր խմբագիր Եդուարդ Դանզիկեանը ծնած է 1969ին, Պոլիս: Ուսած է Պանկալթը թաղամասի Մխիթարեան վարժարանին եւ մէջ: Ան իր ներդրումը ունեցած է <<Ակօս>> թերթի հիմնադրութեան գործին մէջ: Ան աշխատակցած է քանի մը թրքական թերթերու: Անոր յօդուածները լոյս տեսած են թրքական Birtakim եւ Radikal թերթերուն մէջ: 2008էն ի վեր կը պաշտօնավարէ նաեւ <<Ակօս>>ի մէջ:

 


comments

Advertisement