Հալէպի Հայաբնակ թաղամասերը հրթիռներու թիրախ դարձան. Գօգօ Գըպըճեան զոհուեցաւ

By Asbarez | Tuesday, 10 February 2015

 

 

ՀԱԼԷՊ, <<Բերիոյ Նիուզ>> -  Հալէպ քաղաքի զանազան շրջաններ անցեալ Ուրբաթ, 6 եւ Շաբաթ, 7 Փետրուար 2015ին, զինեալ խմբաւորումներու կողմէ ենթարկուեցան հրթիռակոծման: Ուրբաթ օրուան ընթացքին հրթիռներու կրակէն վիրաւորուեցաւ քսաներեք հոգի, արձանագրուեցան նաեւ նիւթական վնասներ: Հայաբնակ Նոր Գիւղ շրջանը եւս իր բաժինը ստացաւ վնասներէն, յատկապէս՝ <<Ուարշեթ Քուէյթ>> արհեստանոցին դիմացը:

Զինեալ խմբաւորումներու կողմէ Շաբաթ օր եւս հրթիռակոծման ենթարկուեցան զանազան շրջաններ եւ թաղամասեր, որոնց կարգին՝ Նոր Գիւղի ազգապատկան շէնքերէն <<Կիլիկիա>>ն. արձակուած հրթիռի պայթումէն զոհուեցաւ 1991ի ծնունդ ՀՄԸՄական Գօգօ Գըպըճեանը:

 


comments