12,000 Լոս Անճելըսահայեր Բողոքի Կոչեր Ողողեցին Նախագահ Սարգսեանին

By Asbarez | Monday, 05 October 2009

Պեվըրլի Հիլզ.- Նախագահ Սերժ Սարգսեան, սփիւռքեան իր ուղեւորութիւնը շարունակելով, Փարիզէն անցաւ Նիւ Եորք ու անկէ՝ Կիրակի օր ժամանեց Լոս Անճելըս, իջեւանելով Պեվրլի Հիլթըն հիւրանոցը, որու դիմացի պարտէզ- հրապարակը նոյն օրը կէսօրէ ետք, ողողուած էր բողոքող բազմահազար հայորդիներով: Լոս Անճելըսի տարբեր քաղաքներէ հաւաքուած ժողովուրդի թիւը շատ աւելի պիտի ըլլար, սակայն, դժբախտաբար, նախապէս ապահովուած հանրակառքերը անբաւարար եղած էին փոխադրելու ճշդուած վայրեր եկած ցոյցին մասնակցիլ փափաքողները, որոնք այլ փոխադրամիջոց չունենալով, ստիպուած վերադարձած էին իրենց բնակարանները:

Փարիզի ու Նիւ Եորքի նման, նախագահը, փակ դուռներու ետին հանդիպեցաւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ Հայաստանի իշխանութեանց կողմէ նշանակուած անհատ սփիւռքահայերու հետ:

Երեք հանդիպումներու ձեւաչափը նոյնն էր: Նախագահը կը ներկայացնէ արձանագրութիւններու մասին իր բացատրութիւններն ու հիմնաւորումները, ապա, հանդիպման մասնակիցները քանի մը վայրկեանի մէջ պէտք է ներկայացնեն իրենց առարկութիւններն ու հակադրուելու հիմնաւորումները:
Հանդիպման զուգահեռ, հիւրանոցի դիմացը հաւաքուած ժողովուրդը բարձր կոչերով <<Ո'չ>> կը յայտարարէր արձանագրութեանց, <<մի դաւաճանէր>> յորդորով կը դիմէր Հայաստանի նախագահին ու արձանագրութեանց դէմ մինչեւ վերջ պայքարելու իր վճռականութիւնը կը շեշտէր:

ժողովրդային ցոյցին մասնակիցներուն ներսի մթնոլորտի մասին զեկուցելու համար, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Յովան Թաշճեան, դռնփակ նիստը չաւարտած դուրս եկաւ հիւրանոցէն ու ելոյթ ունեցաւ հաւաքի առջեւ:

Թաշճեան նախ ողջունեց բազմահազար հայորդիները, որոնք եկած էին իրենց բարձր ձայնով ճեղքելու հիւրանոցի պատերը եւ հայութեան պահանջները հասցնելու նախագահի ականջին:

Դուք կրցաք ձեր նպատակը իրականացնել, ըսաւ Յովան Թաշճեան եւ ձեր ձայնը հասաւ նախագահին: Ձեր ընդդիմութիւնը նախագահին եփոխանցեցին նաեւ դռնփակ հանդիպման մասնակիցներու մեծամասնութիթնը, յայտնեց Թաշճեան, ափսոսանքով նշելով նաեւ, որ եղան անձեր, որոնք քծնելու համար նախագահին, արձանագրութիւնները հայանպաստ փաստաթուղթ ներկայացնելէ չքաշուեցան:

Թաշճեան նաեւ անվստահութիւն յայտնեց նախագահի այս քարոզչական արշաւին լծուած երկու պաշտօնատարներու հանդէպ, որոնք ի պաշտօնէ պէտք չէ այդ դերը կատարելու համաձայնէին:

Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան եւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, մէկը իբրեւ անկախ դատական իշխանութեան խորհրդանիշ, իսկ միւսը Սփիւռքի հանդէպ առնուազն զգայնութիւն ցոյց տալու պարտաւորութիւնը ունեցող, իրենց այս մասնակցութեամբ վարկաբեկուեցան յաչս սփիւռքին:

Թաշճեան նաեւ ընդգծեց, որ այս պայքարը արձանագրութեանց դէմ միայն սփիւռքին վերապահուած, սփիւռքահայերու պայքար չէ, այլ համայն հայ ժողովուրդի պայքարն է: Ան կոչ ուղղեց Հայաստանի ժողովուրդին ցուցականօրէն արտայայտելու իր ընդդիմութիւնը այս արձանագրութեանց:

Փակ հանդիպման մասին կրկին անդրադառնալով, Թաշճեան յայտնեց, որ նախագահը պարզապէս կը վիրաւորէ մեզ երբ կը յայտարարէ, որ Ցեղասպանութեան հարցը պիտի չքննուի ենթայանձնաժողովներու կողմէ եւ որ պատմաբաններ պիտի չըլլան այդ յանձնաժողովի մէջ:

Ժողովուրդը նաեւ ժխտական բացագանչութիւններով իր ընդվզումը յայտնեց այն փաստի դէմ, որ այս ծանր մթնոլորտի մէջ, եղած են մարդիկ, որոնք համաձայնած են <<կալա>>յի մը ներկայ ըլլալ, կարծես թէ յաղթանակ մը ունին տօնելու, այլ ոչ թէ ամօթալի պարտութիւն մը:

Եղաւ պահ մը, երբ մթնոլորտը այնքան լարուեցաւ, որ ցուցարարներէն մաս մը դուրս գալով պարտէզէն, կտրեց փողոցը եւ հաւաքուեցաւ հիւրանոցի դրան առջեւ: Նախքան ոստիկանութիւնը միջամտէր, ցոյցը կազմակերպողները դիմեցին փողոցը անցնողներուն, որ պահեն իրենց պաղարիւնութիւնը ու վերադառնան հաւաքատեղի: Ցուցարարները ամբողջ հաւաքի ընթացքին եղան լուրջ ու կարգապահ:

Հիւրանոցի դիմացի պարտէզէն դուրս, հաւաքին մանսակցեցան նաեւ բազմաթիւ մեքենաներով շարունակ կողքի փողոցները շրջագայող ու իրենց ճչակներով ցուցարարերուն զօրակցութիւն յայտնող մարդիկ: <<Մի Դաւաճանէր>> պահանջը պաստառի վրայ կրող մեքենաներ եւս կը շրջէին փողոցները: Սաւառնակ մը՝ <<Կասեցուցէք արձանագրութիւնները>> անգլերէնով գրուած կոչը կը ծածանեցնէր երկնքի վրայ:

Հաւաքէն ետք, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վիգէն Յովսէփեան եւ դաշնակցական ու հասարակական այլ գործիչներ <<Հորիզոն>> հեռատեսիլէն ելոյթներով մեկնաբանեցին օրուան իրադարձութիւնները եւ անոնց նշանակութիւնը արձանագրութեանց կասեցման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն:

comments