Հալէպի մէջ Հայ մը զոհուած է

By Asbarez | Thursday, 26 February 2015

 

 

ՀԱԼԷՊ, <<Գանձասար>>.– 26 Փետրուարին զինուած ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ Հալէպի վրայ ինկած հրասանդներուն իբրեւ հետեւանք զոհուած է 1964ի ծնունդ Յակոբ Գաբրիէլեանը, վիրաւորուած են Շողեր Արսլանեանն ու Սօսի Ստամպուլեան–Օհանեանը։


21 Փետրուար 2015ին, հրթիռներու պայթումին պատճառով զոհուած էին 1970ի ծնունդ Սագօ Գարակիւլլէեանն ու 1981ի ծնունդ Յարութ Ագսանեանը, իսկ վիրաւորներու կարգին էին նաեւ հայեր՝ Լեւոն Բարսեղեան, Նազօ Ագսանեան, Յովսէփ Չալօղլեան, Աւօ Զարմինեան եւ Ժագ Ասլանեան:


Պայթումները նիւթական ծանր վնասներ պատճառած են շրջանի ինքնաշարժներուն եւ խանութներուն:

 


comments