Գըրգ Գըրգորեան Կը Մնայ Ամենահարուստ Հայը

By Asbarez | Friday, 21 October 2011

 

«Ֆորպզ» աշխարհահռչակ հանդէսը հրապարակած է աշխարհի ամենահարուստ մարդոց ցուցակը, զոր կրկին կը գլխաւորէ մեքսիքացի Գարլոս Սլիմը, որուն հարստութիւնը կը կազմէ $63.3 միլիառ տոլար: Յաջորդը՝ «Մայքրոսոֆ»չ ընկերութեան հիմնադիր Պիլ Կէյթսն է, որ ունի 60 միլիառ տոլար:

Հայ ամենահարուստ մարդը Գըրգ Գըրգորեանն է, որուն կարողութիւնը կը կազմէ 3.5 միլիառ տոլար: Այնուհետեւ կու գայ ռուսիաբնակ գործարար Տանիլ Խաչատուրովը՝ 1.5 միլիառ տոլարով: «Ֆորպզ»ի ցուցակին մէջ տեղ գտած են նաեւ Սերգէյ եւ Նիքոլա Սարգիսովները՝ նաեւ 1.5 միլիառով, ինչպէս նաեւ Սամուէլ Կարապետեանը՝ «Տաշիր Կրուփ»ի սեփականատէրը: Վերջինիս հարստութիւնը 1.4 միլիառ տոլար է:

comments