By Asbarez | Monday, 02 March 2015
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Մարտ 1ին, աւելի քան 60 ցուցարարներ մասնակցած են ՀԵԴի կազմակերպած ցոյցին՝ <<Սթէյփըլզ>> կեդրոնին առջեւ. ցոյցին նպատակն էր Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը լուսարձակի տակ առնել։ Անիկա մաս կը կազմէր Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով ՀԵԴի նախաձեռնած հարիւրօրեայ ցոյցերու շարքին՝ <<100 Days of Action>>ին։
Հակառակ տեղացող անձրեւին, ցուցարարները գետին պառկած են՝ մահացած ձեւանալով, մինչ <<Լէյքըրզ>>ի հազարաւոր համակիրներ <<Սթէյփըլզ>> կեդրոնէն դուրս կու գային։
Անոնք հագած էին շապիկներ, որոնց վրայ կ՛երեւէր Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած արշաւի համացանցային հասցէն՝ #ArmenianGenocide։ Կարգ մը համակիրներ միացած են ցուցարարներուն։
Այս լուռ ցոյցէն ետք, ցուցարարները նաեւ քայլարշաւ մը կատարած են շրջանին մէջ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին թղթիկներ բաժնելով։
ՀԵԴի <<100 Days of Action>> նախաձեռնութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 507-1933 թիւին կամ ayf@ayfwest.org հասցէին։
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan