ՀՅԴ Ամերիկայի Արեւելեան Շրջանի 118րդ պատգամաւորական ժողով

By Asbarez | Wednesday, 04 March 2015

 

 

ՊՈՍԹԸՆ - ՀՅԴ Աամերիկայի Արեւելեան շրջանի 118րդ Պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ Փետրուար 27էն Մարտ 1, Ուոթըրթաունի <<Բաբգէն Սիւնի>> ակումբին մէջ, մասնակցութեամբ շրջաններու ներկայացուցիչներու եւ հրաւիրեալներու:

Պատգամաւորները կը ներկայացնէին զանազան շրջաններ, որոնց կարգին՝ Տիթրոյիթ, Շիքակօ, Ռէյսին, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ֆլորիտա, Ռիչմընտ, Ֆիլատելֆիա, Ուաշինկթըն, Նիւ Եորք, Փրովիտընս, Ուսթըր, Լօուըլ եւ հիւրընկալ Պոսթընը:

Ժողովը մանրամասնօրէն քննեց ներքին կազմակերպական, երիտասարդական եւ Հայաստան-Սփիւռք կապին վերաբերող հարցեր ու կատարեց առաջարկներ:
Ժողովի աւարտին, ընտրուեցաւ նոր Կեդրոնական կոմիտէ: Նորընտիր մարմինին անդամներն են՝ Հայկ Օշական (ներկայացուցիչ), Յովսէփ Աւագեան, Լեւոն Աթթարեան, Կրեկ Պետեան, Արամ Յովակիմեան, Ժան Աւետիսեան եւ Խաժակ Մկրտիչեան:

 

comments