By Asbarez | Monday, 24 October 2011
ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Էյ.Փի.».- Շաբաթավերջին, Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ հարիւրաւոր սուրիացի քաղաքացիներ բողոքի ցոյց մը կատարեցին Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ՝ իրենց ընդվզումը արտայայտելով Սուրիոյ նկատմամբ Թուրքիոյ կեցուածքին դէմ:
Ցուցարարները Սուրիոյ ինքնիշխանութիւնը եւ ազգային ինքնորոշման իրաւունքը հաստատող պաստառներ բարձրացուցին՝ դատապարտելով որեւէ արտաքին միջամտութիւն Սուրիոյ ներքին հարցերուն:
Անոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին եւ անոր բարեկարգումի ծրագիրին:
Նշենք, որ ցոյցին ընթացքին բարձրացուած էին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը յիշեցնող պաստառներ եւ ցուցարարներէն ոմանք կոչ ըրին վարչապետ Էրտողանին, որ նախ լուծէ Թուրքիոյ հարցերը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու քրտական հարցը:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan