Երիտասարդական Հացադուլը Կը Շարունակուի

By Asbarez | Thursday, 08 October 2009

ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Հայ-թրքական արձանագրութիւններու ստորագրումը կասեցնելու արշաւի ծիրէն ներս, 28 երիտասարդ հայորդիներու չորսօրեայ հացադուլը կը շարունակուի:

Երեքշաբթի երեկոյեան, երիտասարդներուն իրենց զօրակցութիւնը ցոյց տալու համար, հացադուլի վայր գացած էին երկու հարիւրէ աւելի հայեր:

Հացադուլաւոր երիտասարդներուն կողքին, հիւրերը մինչեւ գիշերուան ժամը 11 երգեցին ազգային-հայրենասիրական երգեր եւ զրուցեցին օրուան հրատապ թեմաներուն մասին:

comments