Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը Կը Մնայ Պահանջատէրը Նահատակներու Կտակին

By Asbarez | Thursday, 08 October 2009

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանէն ստացուած հաղորդագրութիւն մը յաւելեալ մանրամասնութիւններ կը փոխանցէ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Արամ Ա. վեհափառի միջեւ Երկուշաբթի օր կայացած հանդիպման մասին:

Ըստ հաղորդագրութեան, այս հանդիպման ընթացքին, նախագահը վեհափառ հայրապետին պարզեց Հայաստան-Թուրքիա համաձայնագրերու իր պատկերացումը, ինչպէս նաեւ վերջին օրերուն Սփիւռքի կարգ մը շրջաններէն ներս պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած իր հանդիպումներուն ընդհանուր արժեւորումը:

<<Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, թէ շուրջ երկու շաբաթներ առաջ յիշեալ հարցին գծով իր մտահոգութիւնները եւ առաջարկները հրապարակային կերպով արտայայտած էր: Ան ողջունեց Սփիւռքը տեղեակ պահելու եւ լսելու նախագահին նախաձեռնութիւնը: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը յիշեցուց նախագահին, թէ մեր ժողովուրդը երբեք պիտի չընդունի Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման գծով որեւէ զիջում: Ան ըսաւ, թէ մէկուկէս միլիոն նահատակներուն աճիւնները կը գտնուին Անթիլիասի մէջ իբրեւ մնայուն յուշարար, եւ ինք՝ իբրեւ Կիլիկիոյ կաթողիկոս, կը մնայ պաշտպանը ու պահանջատէրը անոնց սրբազան կտակին: Ապա, անդրադառնալով իր հրապարակային խօսքով կատարած առաջարկին՝ վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ անհրաժեշտ է, որ Հայաստան շարունակէ յիշեցնել Թուրքիոյ ու միջազգային համայնքին, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը առաջնահերթ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ ամբողջ հայութեան համար, եւ թէ յիշեալ հարցը, իբրեւ պատմական իրողութիւն, բանակցութեան նիւթ չի կրնար դառնալ>>, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Կաթողիկոսարանի հաղորդագրութիւնը կ՛աւելցնէ, թէ <<Պարոն նախագահը լսելէ ետք վեհափառ հայրապետին մտահոգութիւնները ու առաջարկները, անգամ մը եւս վստահեցուցած է, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը համազգային հիմնահարց է եւ, հետեւաբար, ինք կը հասկնայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն ցուցաբերած ծայրագոյն աստիճանի զգայնութիւնը եւ նոյնիսկ երբեմն ընդվզումը: Նախագահը շեշտելով կարեւորութիւնը Հայաստան-Թուրքիա տնտեսաքաղաքական յարաբերութիւններուն, նաեւ վերահաստատած է իր յանձնառութիւնը, թէ՝ Հայաստանի պետութիւնը պիտի շարունակէ հետապնդել Ցեղասպանութեան ճանաչումը, կարելի բոլոր միջոցներով>>:
Հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ նաեւ, որ <<Նախագահ Սարգսեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ վեհափառ հայրապետին հետ իր ունեցած հանդիպման աւարտին, ծաղկեպսակ մը զետեղած է Նահատակներու մատրան առջեւ>>:

Նշենք, որ նախագահ Սարգսեանի եւ վեհափառին միջեւ մէկ այլ հանդիպում մըն ալ տեղի ունեցած էր նախագահ Սարգսեանի իջեւանած հիւրանոցին մէջ: Սոյմ հանդիպումէն ետք, կաթողիկոսը չէ մասնակցած տարածաշրջանի հայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ նախագահին հրաւիրած խորհրդակցութեան: Փոխարէնը՝ ան դուրս գալով հիւրանոցէն՝ իր պատգամը փոխացնած է շէնքին առջեւ հաւաքուած ցուցարարներուն:

Պէյրութի մեր պաշտօնակից <<Ազդակ>> օրաթերթը այս մասին տեղեկագրելով՝ կը յայտնէ, թէ Արամ Ա. կաթողիկոս ցուցարարներուն հաստատած է, որ հայութիւնը պատմութեան ընթացքին հաւատարիմ մնացած է իր ժողովուրդին ընդհանրական, համազգային արժէքներուն եւ նուիրական երազներուն։ Կաթողիկոսը յայտնած է, թէ հայ ժողովուրդը նաեւ հաւատարիմ պիտի մնայ իր նահատակներու պատգամին եւ արդար դատին՝ շարունակելով պահանջատիրութեան երթը։

Արամ Ա. կաթողիկոս ըսած է նաեւ, թէ 20րդ դարու Ա. Ցեղասպանութիւնը պէտք չէ մնայ անպատիժ՝ յոյս յայտնելով, որ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահը, կառավարութիւնն ու ժողովուրդը, միեւնոյն հաւատարմութեամբ եւ միեւնոյն պատասխանատուութեամբ կը հետապնդեն մեր ժողովուրդին արդար Դատը, որ խորքին մէջ իւրաքանչիւր հայու դատն է։

Անդրադառնալով հայ ժողովուրդի միասնակամութեան կարեւորութեան՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը հաստատած է, թէ այս հանգրուանին Սփիւռքի եւ Հայաստանի հայութեան միասնակամութիւնը հիմնական գրաւականն է, կոչ ուղղելով ներկաներուն չմոռնալու անպատիժ մնացած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ու պահանջելու հայութեան բոլոր իրաւունքները։

comments

Advertisement