By Asbarez | Thursday, 28 May 2015
1989ին Երեւան ծնած, յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի ախոյանութիւններու գերծանր ծանրութեան կարգի մրցանակակիր Էդուարդ Սողոմոնեան, որ 2012էն ի վեր կը բնակի Պրազիլ, արժանացած է 2016ին Ռիօ Տէ Ժըներոյի ողիմպիական խաղերուն Պրազիլը ներկայացնելու մեծ պատիւին:
Ըստ Հայաստանի ըմբշամարտի դաշնակցութեան մամլոյ ծառայութեան՝ 2011ին Սողոմոնեան համահայկական մարզական 5րդ խաղերուն մասնակցելու համար Երեւան ժամանած Պրազիլի Սան Փաուլօ քաղաքը ներկայացնող պատուիրակներուն հետ ծանօթացած էր, ապա Ռիքարտօ Միքայէլեանի հրաւէրով մեկնած էր Պրազիլ:
Էդուարդ յետագային մեծ յաջողութեամբ մասնակցած է Պրազիլի մէջ կազմակերպուող մրցումներուն: Ան այս տարի դարձած է առաջին արտասահմանցի ըմբիշը, որուն Պրազիլի քաղաքացիութիւն շնորհուած է: Սողոմոնեան այսուհետեւ միջազգային մրցումներուն հարաւ-ամերիկեան այս երկիրը պիտի ներկայացնէ: Հայ ըմբիշը բոլորովին վերջերս մասնակցած է ըմբշամարտի 2015ի Պրազիլի ախոյեանութեան եւ գերծանր՝ 130 քկ. ծանրութեան կարգին մէջ նուաճած է երկիրի ախոյեանի տիտղոսը:
Սողոմոնեան պարտութեան մատնելով իր բոլոր մրցակիցները՝ հասած է երզափակիչ, ուր առաւելութեան հասած է նաեւ Իսահակ Սաւեսի նկամամբ եւ նուաճած է ստուգատեսի ոսկիէ մետալը:
comments
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan
Australia Live By Armenia Media: Sarkis Yedelian
Australia Live By Armenia Media: Kaylar Michaelian
Australia Live By Armenia Media: Kevork Vartanian & Harmig Hagopian
Australia Live By Armenia Media: Margaret Chater and Houri Demirdjian