Արամ Ա. ընդունեց կրօնական պատուիրակութիւն մը Պելճիքայէն

By Asbarez | Tuesday, 14 July 2015

0000ANTILIAS

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Մի քանի օրեր առաջ Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Պելճիքայի զանազան համայնքները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Շարլ Քլեման Պոնիֆաս եպիսկոպոսին: Պատուիրակութեան գլխաւոր նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքներուն:


Վեհափառը լայն տեղեկութիւններ տուաւ ընդհանրապէս հայ եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան եւ յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին մասին: Պոնիֆաս եպիսկոպոս մօտէն ծանօթ ըլլալով Հայոց Ցեղասպանութեան, կաթողիկոսին փոխանցեց այս մասին իր գրած յօդուածները եւ տուած դասախօսութիւնները: Պատուիրակութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէական ներկայութեան: Վեհափառը կարեւորութեամբ շեշտեց Եւրոպայի ու Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ եկեղեցիներուն միջեւ գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու հրամայականը:


comments

Advertisement