Գըրք Գըրգորեան 18 Միլիոն Տոլար Նուիրած Է Աղասիի Թենիսի Դպրոցին

By Asbarez | Friday, 04 November 2011

Աշխարհի ամենահարուստ հայը՝ ամերիկահայ միլիառատէր Գըրգ Գըրգորեան, 18 միլիոն տոլար նուիրած է Լաս Վեկաս գտնուող հայ աշխարհահռչակ թենիսի վարպետ Անտրէ Աղասիի հիմնած նախապատրաստական ակադեմիային: Ասիկա մեծագոյն նուիրատուութիւնն էր Աղասիի Կրթութեան հիմնադրամի 16ամեայ պատմութեան մէջ, կը հաղորդէ «Education Week»ը: Այս տարիներու ընթացքին, Աղասիի բարեգործական հիմնադրամը 150 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն ստացած է:

Նշենք, որ Անտրէ Աղասի ծնած է Նեվատա նահանգի Լաս Վեկաս քաղաքը. ան եղած է աշխարհի թիւ մէկ մասնագէտ թենիսի վարպետը:

Աղասի իրանահայկական, ասորական եւ ֆրանսական ծագում ունի: Հինգ տարեկան հասակին, ան կը հետեւէր Ճիմի Քոննըրզի եւ Ռոսկօ Թաննըրի դասերուն: Աւելի ուշ, Անտրէ Աղասի փոխած է իր երկրորդ անունը եւ իր ամբողջական անուն-ազգանունն  եղած է Անտրէ Գըրգ Աղասի, նկատի ունենալով, որ Գըրգորեան Աղասի ընտանիքին հին բարեկամն է եւ շատ ջերմ յարաբերութիւններ ունի Անտրէ Աղասիի հետ:

comments