Հալէպի Մէջ Փառաշուք Տօնակատարութեամբ Նշուեցաւ ՀՅԴ 125-Ամեակը

By Kantsasar | Monday, 21 December 2015



Հինգշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 5:00ին Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ հոծ բազմութեան ներկայութեան փառաշուք հանդիսութեամբ նշուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակը: Տօնակատարութեան ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեան, հալէպահայ երեք համայնքապետները, Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսը, հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական, Ազգային վարչութեան եւ Կրօնական ժողովներու անդամներ:

Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զոյգ քայլերգներով: Այնուհետեւ օրուան հանդիսավարներ Գօգօ Յարութիւնեան եւ Մարիա Սարգիսեան ներկայացուցին ՀՅ Դաշնակցութեան Ծննդոցը` Մանիֆեստը, որմէ ետք Արմէն խորոզեան երգեց «Ով հայոց որդի» հայրենասիրական երգը: Ապա խումբ մը երէց եւ կրտսեր սերունդներու ներկայացուցիչներ` Ղազար Ղազարեան, Սեւանայ Հալլաճեան, փոքրիկն Ղազար Ղազարեան, Վեհան Պարսումեան եւ Անի Պուղուրեան ասմունքեցին հայ ազգային-ազատագրական շարժման հանգրուաններուն նուիրուած քերթուածներու համադրում մը:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ ՀՅԴ 125-ամեակին առիթով Հալէպ եկած արցախեան ազատագրական պայքարի ազատամարտիկ, յեղափոխական երգերու մեկնաբան Մկրտիչ Մկրտիչեան (Մակիչ)` մեկնաբանելով «Գարահիսար» եւ «Սոսկումն ահաւոր» յեղափոխաշունչ երգերը, մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց:



Կարօ Իւզպաշեան հանգամանօրէն ներկայացուց պատկան մարմինի խօսքը` անդրադառնալով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գործունէութեան, հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ: Իւզպաշեան շեշտեց, որ մեր դիմադրութեան յենակէտերը պիտի ըլլան անկախ, ժողովրդավար եւ ազգային պետականութեան տէր Հայաստանը, Հայ դատը` իբրեւ հիմք, ազգի ինքնութեան եւ հայրենիքի հզօրացման, իսկ արտերկրի հայութիւնը` իբրեւ կռուան համազգային ռազմավարութեան, ապա աւելցուց, որ հայ ազգը հզօր ուժ է իբրեւ հաւաքական ներդաշնակ կազմակերպութիւն եւ իբրեւ միացեալ Հայաստանի իրաւատէր: Իւզպաշեան անդրադառնալով սուրիահայութեան տագնապին եւ յատկապէս հալէպահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու անոր անկոտրում կամքին  եւ դիմադրողականութեան, յարգանքով յիշեց սուրիահայ նահատակները եւ հաստատեց, որ անոնց պատճառած ցաւը շատ աւելի մեծ է, քան տնտեսական ու բնակարանային ահաւոր վնասները: Անդրադառնալով պատերազմի հետեւանքով Սուրիան լքող հայ զանգուածներուն` ան ըսաւ. «Փա՛ռք ու պատիւ բոլոր անոնց, որոնք հաստատուեցան հայրենիք, ընտրելով հայուն վերջին կանգառը` հայոց հայրենիքը»: Ան հարց տուաւ, թէ բոլոր անոնք, որոնք նախընտրեցին իրենց ապահովութիւնը գտնել հայրենիքէն դուրս, հեռաւոր ափերու մէջ, ինչպէ՞ս պիտի երաշխաւորեն իրենց շառաւիղներուն ազգային դիմագիծի պահպանումն ու ապահովութիւնը:


Օրուան խորհուրդն ու պատգամը փոխանցեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեան, որ ըսաւ. «Հայ ազատագրական շարժման առաջնո՛րդ կուսակցութեան` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակը կը տօնակատարենք անզուգական, երազային Հալէպին մէջ:

Զարեհ վեհափառներուն Հալէպը,

Հրաչ Փափազեաններուն Հալէպը,

Սահակ Նալպանտեաններուն Հալէպը,

Առաքել Թերզեաններուն Հալէպը.

Ու տակաւին շատ շատերու, որոնք այս կեանքէն հեռացան, բայց մեզի ձգեցին աւանդութիւնը,

մեզի փոխանցեցին կարգապահութիւնը,

կուսակցական բարոյականութիւնը,

լուռ գործելու դաշնակցականի նկարագիրը:

Որոնք պահեցին այս անփոխարինելի գաղութը, հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն, որոնք կազմաւորեցին հալէպահայը, հաւաքական նկարագիր տուին անոր, կերպարներ կերտեցին:

Որոնք հասան սփիւռքին, մարդուժ արտադրեցին անդադար ու անընդհատ եւ իրենց փոխանցուած արժէքները տարածեցին աշխարհին մէջ, հոն, ուր մեր կազմակերպութիւնը կեանք ունեցաւ եւ հոն, ուր հայկական շունչ պէտք է հասնէր:

Եզակի այս միջավայրն է, որ վտանգուած է այսօր:

Եւ երբ վտանգուած է Հալէպը, վտանգուած ենք մենք բոլորս իբրեւ սփիւռքահայութիւն:

Ռազմագիտական հասկացողութեամբ, երբ վտանգուած է միջնաբերդը, կը սկսի մահ ու կենաց կռիւը, միջնաբերդը փրկելու կռիւը:

Այս պարագային, սփիւռքի հայկական ոգին փրկելու կռիւը, սփիւռքի հայեցիութիւնը պահելու կռիւը, եւ թող չափազանցութիւն չնկատուի` սփիւռքահայու տեսակը պաշտպանելու գոյամարտը:

Իսկ այս գոյամարտը միայն Հալէպի կռիւը չէ, այլ բոլորի՛ս կը պատկանի, որովհետեւ Հալէպը մեզ բոլորս իբրեւ հայ, իբրեւ հայեցի դիմագիծ, կերտած է եւ օգնած է, որ կերտուինք. այո՛, անզուգական Հալէպը:

Այսօր, ա՛յս  միջնաբերդին եւ ա՛յս պայմաններուն մէջ տօնակատարուող Դաշնակցութեան հիմնադրութեան օրը մեզ կը մղէ վերարժեւորելու կուսակցութենէն անդին, պատմական ակունքներուն հասնող դաշնակցականութեա՛ն արմատաւորման տարբեր հանգրուանները. սկսած  ազատատենչ Հայկ Նահապետի սլացող նետի կամքէն, անցնելով իմացեալ մահը գերադասող Վարդանանց խորհուրդի ոգիին, եւ ապա Խրիմեան Հայրիկի Երկաթէ շերեփով ու Ռաֆֆիի զարթօնքով մարմնաւորուած միտքերէն. գաղափարական այս առանցքներն էին,  որոնք իբրեւ  կամք, միտք ու խիղճ առարկայացան Դաշնակցութեան հիմնադիրներուն մօտ եւ ծնունդ տուին հայ ժողովուրդի մեծագոյն խորհուրդներէն` Հայ յեղափոխականների դաշնակցութեան»:

Բանախօսը աւելցուց, որ ամեակները առիթ են ոչ միայն ներկայացնելու կազմակերպութեան փառահեղ գործունէութիւնը, այլեւ հաշուետուութիւն կատարելու եւ բացթողումները լուսարձակի տակ առնելու: Այնուհետեւ ան թուարկեց 125-ամեայ երկարատեւ գործունէութեան ընթացքին ձեռք բերուած հսկայական նուաճումները, ապա նաեւ նշեց, թէ բնական է, որ երկարատեւ գործունէութեան եւ իր պատմութեան ընթացքին Դաշնակցութիւնը ունենար նաեւ որոշ բացթողումներ, որոնց մասին ան չէ վարանած գրել, արծարծել եւ խոստովանիլ ի պահանջեալ հարկին:

Հուսկ, անդրադառնալով սուրիահայութեան տագնապին, Յակոբ Խաչերեան հանգամանօրէն պարզաբանեց ՀՅԴ Բիւրոյի մօտեցումը սուրիահայութեան հարցին գծով եւ շեշտեց. «Սուրիահայութիւնը կը շարունակէ մնալ Միջին Արեւելքի մեր հայահոծ կարեւորագոյն կռուաններէն մէկը` մեր համազգային ծրագիրներուն եւ անժամանցելի Դատին վերջնական լուծման համար»:

Ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի` յաջորդաբար ներկայացնելով «Տունն իմ հայրենի», Հայրենասիրական երգերու շարք, «Է հէյ ոտքի հայ ժողովուրդ» եւ «Ձօն Դաշնակցութեան» երգը` նուիրուած ՀՅԴ 125-ամեակին: Վերջին երգին հեղինակն էր տոքթ. Ղազար Պօղոս, իսկ երաժշտական մշակումը կատարած էր Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեան:

 

Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան իր սրտին խօսքով շնորհաւորեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն ու ամբողջ հայ ժողովուրդը ՀՅԴ 125-ամեակին առիթով, ապա շեշտեց, թէ հայ կեանքին մէջ գոյութիւն ունին երեք խմբաւորումներ` անտարբեր ու կրաւորական, աշխուժ ու գործունեայ, առաջնորդող ու նպատակասլաց: Այս վերջինի փաղանգին կը պատկանի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որ նպատակասլաց իր պայքարով կը ղեկավարէ հայ կեանքը:

ՀՅԴ 125-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը փակուեցաւ «Զուարթնոց» երգչախումբի եւ խումբ մը կրտսեր պատանիներու կատարողութեամբ հնչած ՀՅԴ քայլերգով:

comments

Advertisement