Արամ Ա. Կաթողիկոս 2016ը Կը Հռչակէ «Ծառայութեան Տարի»

By Asbarez | Wednesday, 06 January 2016

0929aram

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- 3 Յունուար 2016ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրա-վանքի Ս. եւ անմահ պատարագին ընթացքին ընթերցուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի 2016 թուականը «Ծառայութեան Տարի» հռչակող պատգամը: Ամբողջ տարուան ընթացքին, հայրապետական այս պատգամը ուղեցոյց պիտի ծառայէ լուսարձակի տակ առնելու համար ծառայութեան կարեւորութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ազգի կեանքէն ներս: Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերն ու ազգային կառոյցները, անսալով վեհափառի կոչին՝ վերարժեւորումի պիտի ենթարկեն եւ յատուկ ծրագիրներ մշակեն, առաւել եւս արդիւնաբեր ծառայութիւն մատուցելու համար մեր եկեղեցիին, ազգին ու հայրենիքին:

Արամ Ա. կաթողիկոս «Ծառայութեան Տարի»ի սոյն պատգամին մէջ կ՛անդրադառնայ ծառայութեան էական կարեւորութեան՝ մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան, ազգի բարգաւաճման, հայրենիքի կերտումին եւ իւրաքանչիւր հայ անհատի բարօրութեան համար:

comments