By Asbarez | Wednesday, 27 January 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան 25 Յունուարին ընդունած է Հալէպի հայկական դպրոցներու տնօրէնները:
Ներկաներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ Տիգրան Գէորգեան շեշտած է, որ սուրիահայութեան խնդիրները Հայաստանի իշխանութիւններուն մնայուն ուշադրութեան առարկայ են, իսկ Հայաստան իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ աջակցած է եւ կը շարունակէ աջակցիլ Սուրիա բնակող մեր հայրենակիցներուն:
Հիւպատոսը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է հայկական դպրոցներու ներկայացուցիչներուն՝ հայ մանուկներուն ու պատանիներուն հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու նուիրական ու ազգանուէր գործունէութեան համար:
Հանդիպման ընթացքին հիւպատոս Գէորգեան տնօրէններուն փոխանցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Ամանորեայ շնորհաւորական ուղերձներն ու դրամական նուիրատուութիւնները:
Հանդէս գալով պատասխան խօսքով՝ ներկաները շնորհակալութիւն յայտնած են Հայաստանի նախագահին եւ հայրենի իշխանութիւններուն՝ մնայուն ուշադրութեան եւ հոգատարութեան համար:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan