Սուրիոյ հոգեւոր առաջնորդներու հանդիպում Անթիլիասի մայրավանքէն ներս

By Kantsasar | Friday, 29 January 2016

 

Հինգշաբթի, 28 Յունուար 2016-ին, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի գծով տեղի ունեցած խորհրդակցութեան որպէս շարունակութիւն, Ուրբաթ, 29 Յունուար 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեւոր առաջնորդներու հանդիպումը, մասնակցութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի, Հալէպի Թեմի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ Գերապայծառ Պետրոս Արք. Մրէաթեանի եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Համայնքապետ Վերպ. Յարութիւն Սելիմեանի։

Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով տեղեակ պահեց հոգեւոր առաջնորդները օր մը առաջ տեղի ունեցած խորհրդակցական հանդիպման քննարկումներուն մասին։ Ան ողջունեց սուրիական տագնապի տարիներուն Սուրիոյ հայութեան ցուցաբերած միասնական ոգին եւ միասին խորհրդակցելու ու աշխատելու յանձնառութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց Սուրիոյ հայութեան իրենց նիւթական աջակցութիւնը կատարած բոլոր կազմակերպութիւններուն ու հայորդիներուն։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Սուրիոյ հայութիւնը վերականգնումի առաջնորդող նոր ծրագիրներու մշակման անհրաժեշտութիւնը։

Հոգեւոր առաջնորդները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որ անցնող տարիներու ընթացքին միշտ զօրակից դարձած է Սուրիոյ հայութեան՝ բոլոր շրջաններէն ներս, միաժամանակ շնորհակալութիւնը յայտնեցին օժանդակ հանդիսացած բոլոր հայորդիներուն։ Ապա, անոնք իրենց տեսակէտները պարզեցին վերականգնումի աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն գծով։

Վերջապէս, հոգեւոր առաջնորդները ճաշի հիւրը եղան Վեհափառ Հայրապետին։


comments

Advertisement