By Aztag Daily | Tuesday, 15 November 2011

ՀՄԸՄ¬ի Պատգամաւորական 10-րդ Ընդհանուր ժողովէն ընտրուած ՀՄԸՄ-ի նորընտիր Կեդրոնական վարչութիւնը իր գործունէութեան Ա. լիագումարը կատարեց Պէյրութի մէջ, Լիբանան, 5- 7 նոյեմբեր 2011-ին: Ժողովներուն զուգահեռ կազմը նաեւ տուաւ այցելութիւններ լիբանանահայ տարբեր կառոյցներու եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու:
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Ա. լիագումարի նախօրեակին` շաբաթ, 5 նոյեմբեր 2011-ին, Կեդրոնական վարչութիւնը այցելեց Անթիլիասի մայրավանք` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութիւնը ստանալու: Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան նախ եւ առաջ ծանօթացուց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամները, որոնք Լիբանան ժամանած էին Հայաստանէն, Արեւմտեան եւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Հարաւային Ամերիկայէն, Աւստրալիայէն եւ Սուրիայէն: Ապա ան նշեց, որ Ա. լիագումարի նախօրեակին Կեդրոնական վարչութիւնը փափաքեցաւ վեհափառ հօր օրհնութիւնը ստանալ:
Արամ Ա. կաթողիկոս շնորհաւորեց նորընտիր վարչութիւնը` թելադրելով շարունակել մարմնակրթական սոյն կազմակերպութեան առաքելութիւնը: Խօսելով ՀՄԸՄ-ի մասին` Արամ Ա. կաթողիկոս զայն նկատեց մեծ դպրոց` լծուած նոր սերունդներու բարոյական ու ազգային դաստիարակութեան: Վեհափառը բարձր գնահատեց ՀՄԸՄ-ի կատարած աշխատանքը` Հայաստանէն մինչեւ Արցախ եւ սփիւռքի բոլոր գաղութներուն մէջ: Ան յիշեցուց, որ մեր կեանքին մէջ գործող բոլոր կառոյցները պէտք է ծրագրեն ու գործեն համահայկական հայեցակէտով` ժողովուրդին ծառայութիւնը ունենալով իրենց կեանքին ու գործին կիզակէտը:
Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. վեհափառին` Կեդրոնական վարչութեան կազմը ընդունելուն համար: Ան նշեց, որ յառաջիկայ քառամեակին զանազան մարտահրաւէրներ կան Կեդրոնական վարչութեան դիմաց, մանաւանդ Ռազմավարական ծրագիրի գործադրութիւնը, որ Պատգամաւորական Ժողովը պարտք դրաւ Կեդրոնական վարչութեան ուսերուն: Ան նշեց, որ ՀՄԸՄ-ը միշտ կը գիտակցի, որ վեհափառը զօրակից եւ նեցուկ է իր բոլոր աշխատանքներուն:
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ` ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻՆ
Վեհափառ հօր տրուած այցելութենէն ետք, Կեդրոնական վարչութիւնը այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն եւ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի դիւանին հետ: Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան բարի գալուստ մաղթեց արտանստավայրի եղբայրներուն ու շեշտեց, որ իրենք միշտ աջակցող եղած են Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի բոլոր աշխատանքներուն: Իր կարգին, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան նշեց, որ Կեդրոնական վարչութիւնը փափաքեցաւ այցելել ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին` փոխադարձ գործակցութեան իրողութիւնը շեշտելու համար:
«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ» ՁԱՅՆԱՍՓԻՒՌԻ ԿԱՅԱՆ ԵՒ «ԱԶԴԱԿ» ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Կեդրոնական վարչութեան անդամները այցելեցին «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայան ու ծանօթացան անոր աշխատանքներուն ու գործելաոճին: Ապա այցելեցին «Ազդակ» եւ տեսակցութիւն ունեցան տնօրէնութեան հետ: Փոխադարձ ծանօթացումէ ետք, Կեդրոնական վարչութեան եղբայրները յատուկ կերպով նշեցին, որ «Ազդակ»ի կայքէջը շատ մեծ օգտակարութիւն եւ ընդարձակ տարածում ունի հայկական կեանքին մէջ: «Ազդակ»ի տնօրէնութիւնը տեղեկութիւններ տուաւ օրաթերթի աշխատելաոճին եւ վերջին իրագործումներուն մասին: Փոխադարձ համագործակցութիւնը շարունակելու խոստումով` Կեդրոնական վարչութեան եղբայրները մեկնեցան «Շաղզոյեան» կեդրոնէն:
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆ
Կեդրոնական վարչութիւնը այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, ուր զինք դիմաւորեցին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան եւ քաղաքապետութեան անդամ Նելլի Վեքիլեան: Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան ծանօթացուց Կեդրոնական վարչութեան անդամները եւ նշեց, որ քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան միշտ նիւթապէս եւ բարոյապէս թիկունք կանգնած է ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի թէ՛ Շրջանային վարչութեան եւ թէ՛ բոլոր մասնաճիւղերուն, ինչպէս նաեւ ի պահանջեալ հարկին Կեդրոնական վարչութեան: Իր կարգին, քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան բարի գալուստ մաղթեց Կեդրոնական վարչութեան եղբայրներուն Պուրճ Համուտի մէջ եւ հակիրճ ծանօթութիւններ տուաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան գործունէութեան մասին:
Կեդրոնական վարչութեան եղբայրները շնորհակալութիւն յայտնեցին Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ցուցաբերած գործակցութեան համար եւ մաղթեցին, որ համագործակցութիւնը շարունակուի յառաջիկային եւս:
Կեդրոնական վարչութիւնը իր Ա. լիագումարի աշխատանքները սկսաւ 5 նոյեմբեր 2011-ի կէսօրէ ետք, Կեդրոնական վարչութեան նստավայրին մէջ, Պուրճ Համուտ:
Կիրակի, 6 նոյեմբեր 2011-ին, Կեդրոնական վարչութեան եղբայրները այցելեցին Պուրճ Համուտի գերեզմանատուն եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին հայութեան համար աշխատած ու նուիրական առաքելութիւն տարած գործիչներուն: Անոնք ծաղկեպսակ զետեղեցին ՀՅԴ պանթէոնին, Կեդրոնական վարչութեան առաջին ատենապետ եղբ. Վարդգէս Տէր Կարապետեանի շիրիմին եւ Լիզպոնի նահատակներու շիրիմին վրայ:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan