Թուրքեր Եւ Ազերիներ Կ՛օժանդակեն Գրիգորեանի Հակառակորդին

By Asbarez | Wednesday, 21 October 2009

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17ին, Քալիֆորնիոյ թուրքերու եւ ատրպէյճանցինրու ներկայացուցիչները դրամահաւաքի ձեռնարկ մը կազմակերպած են, նիւթապէս նեցուկ կանգնելու համար Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններուն Փօլ Գրիգորեանի ընդդիմադիր թեկնածու Քրիսթին Էսըլին:

<<Փաքս թուրքիքա» անունով խմբակ մը կազմակերպած էր դրամահաւաքի ձեռնարկը: Խմբակին մաս կը կազմեն թրքական, ատրպէյճանական եւ հրէական կազմակերպութիւններ:

Ձեռնարկը տեղի ունեցած է թուրք միլիոնատէր եւ Լոս Անճելըսի մօտ գրաւեալ Կիպրոսի <<հիւպատոս» Մէհմէտ Մուսթաֆաօղլուի Պէվըրլի Հիլզի բնակարանին մէջ եւ անոր ընթացքին ելոյթներ ունեցած են <<Փաքս թուրքիքա»ի հիմնադիր Ճաւիտ Հուսէյնով եւ Ատրպէյճանցի ամերիկացիներու խորհուրդի նախագահ Իսմայիլ Ռուսթամով:

Հուսէյնով յայտարարած է, թէ որոշուած է նեցուկ կանգնիլ Էսըլին, որովհետեւ ան իր համայնքին շահերը ազգային շահերէն վեր չի դասեր, նման կեցուածք մը որդեգրելու յանցանքով ամբաստանելով Գրիգորեանը: Ձեռնարկի ընթացքին Գրիգորեան նաեւ քննադատուած է <<Խոճալուի ջարդեր»ը Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին կողմէ դատապարտելու թրքական եւ ատրպէյճանական փորձերը ձախողութեան մատնելուն համար:
Իր կարգին, Էսըլ շնորհակալութիւն յայտնած է թուրք եւ ատրպէյճանցի համայնքներուն կողմէ իր ընտրապայքարին ցուցաբերուած օժանդակութիւններուն համար:

comments