Հայկական Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Պահանջով Ցոյց Իսրայէլի Մէջ

By news.am | Wednesday, 21 October 2009

ԹԵԼ ԱՒԻՒ.- <> կը հաղորդէ, որ Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16ին, իսրայէլեան <<Իմ թիրցու>> շարժումը Թէլ Աւիւի մօտ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ բողոքի ցոյց կատարած է։ Շարժման գործիչները նաեւ պատրաստած են Հայոց Ցեղասպանութեան լուսանկարներու ցուցահանդէս մը եւ Թուրքիոյ կառավարութեան կոչ ուղղած են ընդունելու Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը։ Իսրայէլացի ուսանողներ նաեւ քիւրտերու սպանութիւնը դատապարտող պաստառներ բարձրացուցած էին։

Շարժումը ստեղծուած էր Իսրայէլի համալսարաններու ուսանողներու կողմէ՝ Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած յուլիսեան պատերազմէն ետք։ Անոր կազմակերպիչները կը ձգտին փոփոխութեան ենթարկել սիոնական արժէքները Իսրայէլի հասարակութեան մէջ։

Միւս կողմէ, <<Փրես Թի.Վի.>> պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլ սպառնացած է Թուրքիոյ, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ փաստաթուղթեր կրնայ հրապարակել։ Կայանը կը նշէ, որ այս սպառնալիքը տեղի կ՛ունենայ մէկ կողմէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններ ստեղծելու, իսկ միւս կողմէ Թուրքիա-Իսրայէլ յարրաբերութեանց վատթարացման ենթահողին վրայ։

Իսրայէլեան <<Հաարեց>> օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Սպանիոյ վարչապետ Հոզէ Լուիս Զափաթերոյի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ չի հաւատար, թէ Թուրքիա կրնայ Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւններուն մէջ ազնիւ միջնորդ ըլլալ։

comments

Advertisement