Բակօ Սահակեան Նիւ Եորքի Մէջ Աշխատանքային Հանդիպումներ Ունեցած Է

By Asbarez | Thursday, 17 November 2011

ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Արմէնփրէս».- Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 16ին աշխատանքային այցով մեկնած է Նիւ Եորք, ուր նոյն օրը հանդիպում ունեցած է Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) նախագահ Պերճ Սեդրակեանի եւ կազմակերպութեան կեդրոնական վարչութեան անդամներուն հետ՝ քննարկելով Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման հետ կապուած հարցեր:

Նախագահ Սահակեան անդրադարձած է Արցախի մէջ ՀԲԸՄի ունեցած դերակատարութեան եւ յայտնած, թէ այսօր դեռ կը զգացուի անոր աջակցութեան անհրաժեշտութիւնը՝ Արցախի կենսագործունէութեան տարբեր ոլորտներու մէջ։

Հանդիպման մասնակցած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ԱՄՆ արեւելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեան, ԱՄՆի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թաթուլ Մարգարեան, ՄԱԿի մօտ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ Կարէն Նազարեան, ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեան, ԱՄՆի եւ Գանատայի մօտ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան եւ պաշտօնատար այլ անձինք:

comments