ԱՄՆի Ծերակոյտին Ներկայացուած Բանաձեւը Բողոք Է

By Asbarez | Saturday, 24 October 2009

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան, երէկ, Հոկտեմբեր 23ին, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէկ օր առաջ ներկայացուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը՝ որոշ առումով բողոք մըն է պատմաբաններու միջկառավարական ենթայանձնաժողով ստեղծելու մասին հայ-թրքական արձանագրութեանց մէջ տեղ գտած կէտին դէմ:

Մանոյեան յիշեցուցած է, որ նշուած բանաձեւի համահեղինակ ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտէզ հրապարակաւ քննադատած եւ «անարգանք» որակած է պատմաբաններու ենթայանձնաժողովի ստեղծումը, նկատելով, որ նման կառոյցի առկայութիւնը կասկածի տակ կը դնէ Հայկական Ցեղասպանութեան փաստը:

Մանոյեան աւելեցուցած է, որ ԱՄՆի Ծերակոյտի մէջ արծարծելով Ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան հարցը՝ բանաձեւի հեղինակները կը փորձեն նաեւ որոշակի ճնշում գործադրել Սպիտակ տան վրայ, որպէսզի ԱՄՆի նախագահ Պարաք Օպամա պաշտօնապէս ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը՝ անկախ հայ-թրքական յարաբերութիւններու վիճակէն: Մանոյեան շեշտած է, որ 2009թ.ի Ապրիլ 24ի իր ուղերձին մէջ նախագահ Օպամա չգործածեց «ցեղասպանութիւն» բառը՝ պատճառաբանելով, որ չ՛ուզեր խանգարել հայ-թրքական հաշտեցման գործընթացը:

Դաշնակցական գործիչը նշած է նաեւ, որ ներկայիս չորս հեղինակաւոր պարբերականներ, որոնց կարգին է «Washington Post»ը, կը խուսափին գործածել «Հայոց Ցեղասպանութիւն» բառակապակցութիւնը՝ զայն փոխարինելով «հայկական ջարդեր» արտայայտութեամբ:
«Եթէ այժմ, երբ հայ-թուրքական արձանագրութիւնները դեռ վաւերացուած չեն, չորս լրատուամիջոց չի օգտագործում «ցեղասպանութիւն» տերմինը (եզրը-Խմբ.), ուրեմն Ապրիլին կը սկսուի թուրքական ցունամի», եզրակացուցած է Կ. Մանոյեան:

Ըստ Մանոյեանի, իրավիճակէն դուրս գալու համար, արտաքին գործոց նախարարութիւնը այլ երկիրներու մէջ պէտք է աշխուժացնէ Հայաստանի դեսպանատուները, որոնք պէտք է աշխատանք տանին Հայոց Ցեղասպանութիւնը աշխարհին ճանաչելի դարձնելու ուղղութեամբ։ Կ. Մանոյեան նաեւ նշած է, որ նշեալ իրավիճակէն դուրս գալու ելք է նաեւ այն, որ արձանագրութիւններուն մէջ նշուած ենթայանձնաժողովը պէտք չէ կազմուած ըլլայ պատմաբաններէ։

Ըստ իրեն, կարելի չէ այս հարցը ձգել միայն հայկական «լոպիինկ»ով զբաղող կազմակերպութիւններուն վրայ, այլ պէտք է աշխուժանայ դիւանագիտութիւնը եւ կարենայ բացատրել, որ հայ- թրքական արձանագրութիւններով Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը վիճելի կամ քննարկման առարկայ չի դառնար։

Ըստ ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուին, Թուրքիա կ՛ուզէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւել՝ նպատակ ունենալով կասեցնել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը։

comments