Սուրիական Բանակը Ապստամբներու Հակակշռին Տակ Գտնուող Հալէպի Շրջանները Գրեթէ Կը Մեկուսացնէ

By Asbarez | Friday, 08 July 2016

0708Aleppo

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Յուլիս 7ին, սուրիական բանակը յաջողեցաւ գրեթէ ամբողջութեամբ մեկուսացնել այն ապստամբ ուժերը, որոնք իրենց հակակշռին տակ կը պահեն Հալէպի կարգ մը շրջանները՝ գրաւելով դէպի այդ շրջանները առաջնորդող գլխաւոր մայրուղիին վերահսկող Մալահի Ագարակներ շրջանի հարաւային տարածքը։

Հաստատելով այս տեղեկութիւնը, ապստամբներու աղբիւրներ պնդեցին, թէ արդէն իսկ ապստամբ այլ ուժերու հետ համակարգում կը կատարուի, հակայարձակումով մը վերագրաւելու համար իրենց կորսնցուցած այս կարեւոր տարածքը։

Տարբեր տուեալներու համաձայն՝ ներկայիս 250,000էն 300,000 քաղաքայիններ կը մնան ապստամբներու հակակշիռին տակ գտնուող Հալէպի շրջաններուն մէջ։

Այդ տարածքներուն մէջ կը գործեն «Քայիտա»ի դաշնակից «Նուսրա Ճակատ»ի, Սուրիական ազատ բանակի եւ շարք մը այլ կազմակերպութեանց զինեալները, որոնց առնուազն մէկ մասը օժանդակութիւն կը ստանան Թուրքիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Սէուտական Արաբիայէն, Քաթարէն եւ այլ կողմերէ։

Անցեալ Սեպտեմբերէն սկսեալ, երբ ռուսական օդուժը սկսած էր ըմբոստներուն դէմ սուրիական բանակին գործողութիւններուն օժանդակելու, պետութեան հաւատարիմ ուժերը, ներառեալ լիբանանեան «Հըզպալլա» կուսակցութեան զինեալները, յատկանշական տարածքներ կրցած են վերագրաւել «Իսլամական պետութեան» եւ ահաբեկչական այլ կազմակերպութեանց ճիրաններէն։

comments

Advertisement