Մուրատ Փափազեան. Գրեթէ Անհնար է, Որ Այս Անգամ Ֆրանսայի Սահմանադրական Դատարանը Բեկանէ Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Նոր Օրէնքը

By Asbarez | Friday, 08 July 2016

 

0000PAPAZIAN

Ֆրանսայի մէջ Ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման օրէնքով Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու ուղղութեամբ իրականացուած քաղաքականութիւնը կը դառնայ անկարելի. «Ֆրանսուա Հոլանտի նախընտրական խոստումն էր եւ ան կատարեց: Այս օրէնքը բոլոր ցեղասպանութիւնները եւ մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւնները քրէականացնող օրինագիծ է եւ անիկա ուղարկուած է Ծերակոյտ, եւ հնարաւոր է, որ անիկա Սեպտեմբերին ընդունուի: Այս օրինագիծի ընդունումով Ֆրանսայի մէջ ոչ ոք այլեւս իրաւունք կ՛ունենայ ըսելու, որ Հայոց Ցեղասպանութիւն տեղի չէ ունեցած, ինչպէս նաեւ՝ այլ ցեղասպանութիւններ: Ինչպէս կ՛արգիլուի Հոլոքոսթի ժխտումը, այնպէս ալ այս օրէնքով պիտի արգիլուի մերժել Հայոց Ցեղասպանութիւնը», NEWS.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան:

Հարցումին, թէ հնարաւոր է արդեօք, որ Սահմանադրական դատարանին կողմէ Ֆրանսայի մէջ Ցեղասպանութիւններու ժխտման քրէականացման օրէնքը Սահմանադրական դատարանին կողմէ նախապէս մերժուած օրինագիծին ճակատագիրը ունենայ, Մուրատ Փափազեան պատասխանեց, որ այս անգամ օրէնքը շատ լաւ ուսումնասիրուած է իրաւաբաններու կողմէ եւ կարելի է ըսել գրեթէ անհնար է, որ Սահմանադրական դատարանը խօսքի ազատութեան խախտումներու, օրէնքին մէջ առկայ թերութիւններու պատճառով բեկանէ զայն. «Այս անգամ օրէնքը ե՛ւ մեր ե՛ւ կառավարութեան իրաւաբաններուն կողմէ լաւ ուսումնասիրուած է եւ այնպէս ըրած ենք, որ թերութիւններ չըլլան: Գրեթէ համոզուած ենք, որ այս անգամ դատարանը պիտի չմերժէ: Բայց միշտ ալ վտանգ կայ, 100 տոկոսով վստահ չենք կրնար ըլլալ, միշտ ալ ամէն ինչ հնարաւոր է», ըսաւ ան:

Մուրատ Փափազեան նշեց, որ այժմ Ֆրանսայի մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչները ամէն ինչ կ՛ընեն, որպէսզի Սեպտեմբերին օրէնքը Ծերակոյտի անդամներուն կողմէ եւս ընդունուի. «Յաջորդ հանգրուանը Ծերակոյտն է եւ մենք այժմ արշաւներու տեսքով աշխատանքներ կը տանինք, որպէսզի Ծերակոյտի անդամներուն մեծամասնութիւնը ունենանք եւ մեծամասնութեամբ ընդունուի օրէնքը, ի հարկէ, թրքական կողմն ալ հակառակ ուղղութեամբ կ՛աշխատի»:

Ըստ 20 Minutes կայքին՝ փոփոխութիւններով, կ՛առաջարկուի 45 հազար եուրօ տուգանք սահմանել մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ժխտման համար: Օրինագիծին մէջ յատկապէս կը նշուի Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու մասին:

comments

Advertisement