Փանոս Աղազարեան զոհուած է Հալէպի Հանանո զօրանոցին մօտ. Աղբիւր

By Arevelk | Tuesday, 12 July 2016



Սուրիոյ բանակին մէջ  զինուորական ծառայութիւն  կատարող Փանոս  Աղազարեան  զոհուած է Հալէպի «Ալ Հանանո»  զօրակայանին մօտ:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ  Հալէպի իր աղբիւրէն, որ նաեւ յայտնեց, թէ երէկ ծանր մարտեր տեղի ունեցած են տուեալ զօրանոցին շրջակայքը, ուր զոհուած է հայազգի զինուորը: Կը հաղորդուի նաեւ, որ    նահատակին   յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը  պիտի կատարուին վաղը:

Նշենք, որ Աղազարեան   1994  թուականին ծնունդ էր:

 


comments

Advertisement