Արամ Կաթողիկոս Քեսապ եւ Թարթուս այցելեց

By Asbarez | Saturday, 30 July 2016



ՀԱԼԷՊ, <<Գանձասար>> - Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հովուապետական այցելութիւնը Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջաններ, որ սկսած էր Լաթաքիայէն, շարունակուեցաւ Յուլիս 29ին Քեսապ այցելութեամբ, ուր կաթողիկոսը հանդիպում ունեցաւ իր հօտին հետ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան բարի գալուստ մաղթեց վեհափառ հայրապետին, իսկ վեհափառը իր հովուական պատգամը ամբողջովին նուիրեց Քեսապի պատմական ու պահանջատիրական պայքարի կարեւորութեան, անցած դէպքերուն եւ քեսապցիներու վերականգման կամքին:

Հանդիպման աւարտին կատարուեցաւ աջահամբոյր:

Աւելի ուշ, վեհափառը այցելեց բանակումի համար Քեսապ գտնուող Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան (ՍԵՄ) անդամներուն եւ Ազգային պատսպարանի սաներուն:

Քեսապի մէջ, 5 տարուան ընդմիջումէ ետք, ՍԵՄի տարեկան բանակումն ու Արամ Ա.ի օրհնաբաշխ ներկայութիւնը հաստատեցին, թէ սուրիահայութիւնը արդար հպարտութեամբ կը շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ։ Բանակումի մասնակիցներուն հովուական իր այցելութեամբ առաւել ուժ եւ յոյս ներշնչեց կաթողիկոսը։

ՍԵՄի անդամները պատերազմի հինգ տարիներուն ընթացքին, անապահովութեան պատճառով զրկուած էին տարեկան բանակումներ կազմակերպելէ եւ բանակումի խանդավառութիւնը ապրելէ: Այս տարի, ՍԵՄի Կեդրոնական վարչութիւնը յանդգնութիւնն ու յանձնառութիւնը ունեցաւ Քեսապի մէջ կազմակերպելու բանակումը, որուն մասնակցութիւն բերին ՍԵՄի մասնաճիւղերէն բազմաթիւ անդամներ:

Կաթողիկոսին այցը ՍԵՄականներուն շա՛տ տպաւորիչ էր: Սուրիահայ երիտասարդները կաթողիկոսին, հոգեւոր եւ ազգային պատասխանատուներուն հետ, հայաբոյր Քեսապի մէջ կը վերանորոգէին իրենց ուխտը՝ տէր կանգնելու իրենց արժէքներուն, միասնական ոգիով շարունակելու իրենց գոյերթը եւ մանաւանդ չընկրկելու պատերազմի դժուարութեանց դիմաց:

Այցին ընթացքին վեհափառին կ՛ընկերակցէին առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխանը, ՀՅԴ Կեդր. կոմիտէի եւ Ազգ. իշխանութեան անդամներ: Վեհափառը իր հայրական պատգամով շնորհաւորեց սուրիահայ երիտասարդները՝ անոնց անկոտրում կամքին համար: Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ ՀՅԴ Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Եուզպաշեան:

Թարթուսի այցելութեամբ վերջ գտաւ վեհափառ հայրապետին Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջաններու հովուապետական այցը: Հայրապետը նաեւ հանդիպում ունեցաւ Թարթուսի հօտին հետ, տեղւոյն Յոյն ուղղափառ Ս. Տանիէլ եկեղեցւոյ մէջ, ուր անգամ մը եւս շեշտեց սուրիահայուն քաղաքացիական բարձր գիտակցութիւնը: Ան ըսաւ, թէ մեծ տխրութեամբ, բայց հպարտութեամբ տեղեկացած է, որ սուրիական տագնապի առաջին նահատակները հայեր եղած են: <<Այդ մէկը կը փաստէ, թէ հայը Սուրիոյ լիարժէք քաղաքացին է>>, շեշտեց ան:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր, որմէ ետք հաւատացեալները ուղղուեցան եկեղեցւոյ ներքնասրահը, ուր տեղի ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում, վեհափառ հօր ձեռնադրման 20ամեակին նուիրուած կարկանդակի հատում եւ հիւրասիրութիւն: Հաւաքը իրենց երգեցողութեամբ ճոխացուցին խումբ մը մանուկներ ու պատանիներ:

 

comments

Advertisement