By Asbarez | Monday, 21 November 2011
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ բժշկական կեդրոնին մէջ, Նոյեմբեր 21ին տեղի ունեցած Մանկական բաժանմունքի վերաբացման արարողութեան ընթացքին, Հայաստանի մօտ ԱՄՆ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոն Հեֆըրն անդրադարձաւ նաեւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ հայ-ատրպեճանական սահմանին վրայ բացուած կրակին հետեւանքով՝ Նոյեմբեր 19ին եւ 20ին երկու զինուորական ծառայողի մահուան փաստին:
«Մենք կը դատապարտենք սահմանին տեղի ունեցած միջադէպերը եւ մեր ցաւակցութիւնը կը յղենք զոհուածներու ընտանիքներուն», լրագրողներու հետ զրոյցին նշեց Հեֆըրն:
Ան ընդգծեց, թէ ԱՄՆ յոյս ունի, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի գործունէութեան շնորհիւ, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը խաղաղ եւ արդար լուծում պիտի ստանայ:
«Բռնութեան իւրաքանչիւր դրսեւորում դատապարտելի է, եւ կը ձգտինք Մինսկի խումբի գործընթացին միջոցով խնդիրի խաղաղ կարգաւորման գործին մէջ ունենալ մեր ներդրումը», աւելցուց ԱՄՆ դեսպանը:
Նշենք, որ Նոյեմբեր 19ին, ժամը 08:40ին, Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ, հակառակորդի կրակոցէն զոհուած է զինուորական ծառայող Արէն Սիմոնեան, իսկ Նոյեմբեր 20ին, ժամը 08:50ի սահմաններուն, հարաւարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ, դարձեալ հակառակորդին գնդակով զոհուած է ՊԲ ժամկէտային զինուորական ծառայող Միհրան Մարգարեան:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan