Բերիոյ Հայոց Թեմի վարժարանները բաց կը մնան

By Asbarez | Wednesday, 05 October 2016




Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ սրբազան հայրն ու վերջին հնգամեակին իրերայաջորդ Ազգային վարչութիւնները, հակառակ սուրիական տագնապի հետեւանքներու ծանրութեան, Ազգային կրթական հաստատութիւնները բաց պահելով, մասնաւորաբար Հալէպի մէջ, իրենց առաքելութիւնը իրականացնելու յանձնառութեամբ հետամուտ եղան տրամադրելի բոլոր հնարաւորութիւններով նպատակային տնօրինումներ կատարելու:

Ազգային կրթական մեր հաստատութիւններու շէնքերուն կրած վնասներուն եւ տակաւին թէժ շրջաններու մէջ գտնուելուն պատճառով, նաեւ ժողովրդային շարունակուող տեղաշարժները, աշակերտութեան ու պաշտօնէութեան յարափոփոխ թիւերը նկատի ունենալով, Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգային վարչութիւնները հանգամանօրէն, վիճակագրական տուեալներով, քննութեան ենթարկած են ազգային կրթական առաքելութեան ըստ արժանւոյն անխափան շարունակման հարցը եւ անհրաժեշտ տուեալներու ապահովման խնդիրները:

Այսպէս, հակառակ պատերազմական գործողութեանց ընդարձակուող տարողութեան, 2012-2013 տարեշրջանին Ազգ. Հայկազեան, Ազգ. Սահակեան, Ազգ. Կիւլպէնկեան, Ազգ. Զաւարեան վարժարանները եւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, ի բացառեալ մանկապարտէզէն, վայրի, շէնքի, դասապահերու եւ ժամերու, կրթական պաշտօնական ծրագիրի եւ հայեցի դաստիարակութեան իրագործման համար, օգտագործեցին Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանի շէնքն ու <<Սիմոն Վրացեան>> կեդրոնի յարկերը, Սիւլէյմանիէի մէջ: Անոնք իրենց առաքելութիւնը շարունակեցին անխափան եւ ամբողջութեամբ ԱՆՎՃԱՐ:

Յաջորդ՝ 2013-2014 ուսումնական տարեշրջանը շարունակուեցաւ եւ իրականացաւ ազգային կրթական հաստատութիւններու (մանկապարտէզ-նախակրթարան-միջնակարգ-երկրորդական) համատեղումովը Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանի շէնքէն ներս, որ յարաբերաբար ամէնէն ապահով վայրը կը նկատուէր: Օրուան մէջ երկու դասաւանդման բաժիններով՝ առաւօտեան եւ յետմիջօրէին, բազմապիսի դժուարութիւններ յաղթահարելով (տարածքի, աշակերտութեան թուապատկերի խտութեան եւ պաշտօնէութեան):

Երրորդ՝ 2014-2015 ուսումնակրթական տարեշրջանին, օրուան ապահովական վիճակէն յուսադրուած, վերստին օգտագործելի դարձաւ Ազգ. Զաւարեան վարժարանի շէնքը, Նոր Գիւղի մէջ, ուր առաւօտեան եւ յետմիջօրէի ժամերով իրենց առաքելութիւնը շարունակեցին Ազգ. Զաւարեան եւ Ազգ. Սահակեան վարժարանները, իսկ Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանի շէնքին մէջ առաւօտեան՝ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանը եւ Ազգ. մանկապարտէզը, իսկ յետմիջօրէին՝ Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանն ու Ազգ. Հայկազեան վարժարանը:

Նկատի ունենալով տագնապի շարունակութիւնը, յատկապէս Նոր Գիւղի ու Ճիտէյտէի շրջաններու սաստկացող անապահով իրավիճակը, չորրորդ՝ 2015-2016 ուսումնական տարին Ազգ. կրթական մեր հաստատութիւնները իրենց նուիրական առաքելութիւնը իրականացուցին դարձեալ Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանէն ներս, յարմարեցումներով՝ առաւօտեան եւ յետմիջօրէի բաժիններով:

Անհրաժեշտ է նշել, որ Ազգ. վարչութիւններուն կողմէ կատարուած նախադրեալ բոլոր տնօրինումները իրականացած են Հալէպի Կրթական տնօրէնութեան ըստ օրինի համաձայնութեամբ եւ արտօնութեամբ, միշտ առաջնային նկատելով ապահով պայմաններու մէջ կրթական գործ կատարելու հարցը:

Երկրի տնտեսական աննախընթաց ահաւոր կացութիւնը նկատի ունենալով, ինչպէս նաեւ անգործութեան հետեւանքով ծնողներու կրթաթոշակներու վճարման կարողութեան նահանջը իրերայաջորդ ուսումնական (2013-2016) տարեշրջաններուն, անհրաժեշտ բոլոր յատկացումներն ու ծախսերը (95%) կատարուած են ազգային սնտուկէն, ծնողներու խորհրդանշական մասնակցութեամբ:

Այսօր, Ազգային վարչութեան նախատեսութեամբ, Հալէպի Ազգային կրթական հաստատութիւնները ուսումնակրթական 2016-2017 տարեշրջանի վերամուտին պիտի գործեն հետեւեալ պատկերացումով.

Ա.- Տարեշրջանը իրականացնել հնարաւորինս ապահով շրջանի մէջ:

Բ.- Հալէպի Կրթական տնօրէնութեան հետ օրինական համապատասխան տնօրինումներ կատարել:

Գ.- Ազգային կրթական հաստատութիւններու պաշտօնէութեան անձնակազմերը, ինչպէս տագնապի ամբողջ ընթացքին, պահել իրենց ծառայութեան մէջ եւ տրամադրել անոնց բոլոր իրաւունքները:

Արդ, ներկայ 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանին համար հետեւեալ տնօրինումները կատարած ենք.

1.- Ազգ. Միացեալ մանկապարտէզ: Վայր՝ Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանի նոր կահաւորուած հիւսիսային բաժին, առանձին մուտքով եւ բաժանումներով, տնօրէնութեամբ եւ հոգաբարձութեամբ:

2.- Ազգ. Միացեալ նախակրթարան: Վայր՝ Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանի գետնայարկը եւ առաջին յարկի յատուկ բաժին մը, տնօրէնութեամբ եւ հոգաբարձութեամբ:

3.- Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարան: Վայր՝ Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանի առաջին յարկը, տնօրէնութեամբ եւ խնամակալութեամբ:

Ազգ. վարժարանները պիտի գործեն օրինական ժամանակացոյցով՝ առաւօտեան ժամերուն (լիաժամ) եւ Կրթական տնօրէնութեան ու Բերիոյ Հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդի կրթական ամբողջական ծրագիրով եւ դասաբաշխումներով:

Ըստ կարիքի պիտի գործեն փոխադրութեան հանրակառքերը:

Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգային վարչութիւնը պետական օրինական համապատասխան կարգադրութեամբ, վերադասաւորման ենթարկած է Ազգային վարժարաններու օրինական կարգավիճակները: Ժամանակաւոր կերպով միացուցած է զանոնք, բայց կը պահէ բոլոր վարժարաններու օրինական արտօնագիրները եւ կը գործէ խաղաղութեան պայմաններուն ներքեւ վերականգնելու յոյսով:

Այսօր, ուսումնակրթական 2016-2017 տարեշրջանին թեմական որոշ շրջաններ տակաւին հնարաւորութիւնը պիտի չունենան վերաբանալու իրենց դռները, ակամայ տեղաշարժի եւ օրինական իշխանութեան հեղինակութեան բացակայութեան պատճառով: Անոնք են. Ազգ. Խորէնեան վարժարան (Թէլ Ապիատ), Ազգ. Նահատակաց վարժարան (Ռաս Ուլ Այն), Ազգ. Նուպարեան վարժարան (Ռաքքա), Ազգ. Վերածնունդ վարժարան (Եագուպիէ):

Յուսադրուած ենք, որ բնականոն կերպով պիտի շարունակեն գործել Ազգ. Ազատութիւն վարժարանը (Մալիքիէ), Ազգ. Եփրատ վարժարանը (Գամիշլի), Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանը (Հասիչէ), Ազգ. Նահատակաց միջնակարգ վարժարանը (Լաթաքիա), Ազգ. Միացեալ միջնակարգ վարժարանը (Դամասկոս), Ազգ. Ուսումնասիրաց միացեալ ճեմարանը (Քեսապ):

Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգային վարչութիւնը, սահմանադրական իր պարտականութեան ամբողջական յանձնառութեամբ, հնարաւորութիւններու առաւելագոյն լարումով, հետամուտ պիտի ըլլայ յարմարագոյն տնօրինումներով անխափան շարունակուած տեսնել ուսումնակրթական գործը, ազգային կրթական մեր բոլոր հաստատութիւններուն մէջ:

Վերականգնումի կամքով պիտի ծաղկին մեր բոլոր հաստատութիւնները:

Բարի վերամուտ մեր թանկագին աշակերտներուն:

Բարգաւաճ եւ ապահով օրեր սուրիահայութեան:

Խաղաղութիւն՝ սուրիական հայրենիքին:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Հալէպ, 30 Սեպտեմբեր 2016




comments

Advertisement