Նոէլ Քէշիշեան Տիրացաւ Կիպրոսի Փինկ-Փոնկի Միջազգային Մրցաշարքի Տիտղոսին

By Asbarez | Wednesday, 23 November 2011

 

ՊԷՅՐՈՒԹ.- Լիբանանի փինկ-փոնկի աղջկանց ախոյեան Նոել Քէշիշեան, որ մաս կը կազմէ ՀՄԸՄ Պէյրութի, իր մասնակցութիւնը բերելով Կիպրոսի միջազգային մրցաշարքին (Լիբանանի հաւաքականին հետ), տիրացաւ աղջկանց անհատական տիտղոսին, աւարտականին 4-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք կիպրացի Ալֆաթերիա Փանայոթոյին: ՀՄԸՄ Պէյրութի մաս կազմող այլ մարզիկ մը՝ Դուին Մունջողլեան, հանդիսացաւ երրորդ:

Նոէլ-Դուին զոյգը աղջկանց զոյգի մրցումներուն յաջողեցաւ հասնիլ աւարտական հանգրուան, սակայն հանդիսացաւ երկրորդ՝ 3-0 արդիւնքով պարտուելով Կիպրոսէն:

comments