Կը Պահանջենք Լիբանանահայութեան Արդար Ներկայացուցչութիւնը. Յ. Բագրատունի

By Asbarez | Wednesday, 16 November 2016

1116pakradouni

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական խմբակցութեան ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, «Մանար» կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ լիբանանեան նոր իշխանութեան փուլին առաջին օրէն իսկ սահմանադրութենէն անշեղ մնալու տեսակէտը պէտք է գերիշխող ըլլայ:

Բագրատունի խստիւ քննադատեց այն միտքը, որ ծառայութիւններու եւ ուժային նախարարութիւնները ճշդելու ընթացքին համայնքներու միջեւ խտրականութիւն դրուի: «Օրինակի համար, լիբանանահայութիւնը ստանձնած է ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը, եւ նախարար Արթիւր Նազարեան ամէնէն պարկեշտ եւ արժանապատիւ նախարարներէն է: Իսկ եթէ հարց պիտի տրուի, թէ այդ նախարարութիւնը ինչպէ՞ս ծառայած է լիբանանահայութեան եւ թէ որքա՞ն հայ պաշտօնեայ կայ նախարարութեան մէջ, մենք ճակատաբաց կ՛ըսենք՝ երկու կամ երեք, որովհետեւ ի վերջոյ, կան օրէնքներ եւ կարգ-կանոն, որոնց գործադրութիւնը առաջնահերթ է, յատկապէս այնպիսի փուլի մը ընթացքին, երբ հանրապետութեան նախագահը օրէնքի գործադրութեան անձնաւորութիւն է, ինչպէս նաեւ՝ փոփոխութեան եւ բարեկարգումի մտասեւեռում ունեցող ղեկավար: Հետեւաբար, մենք համոզուած ենք, որ այս կառավարութիւնը պէտք է կազմուի ըստ սահմանադրութեան տրամադրութիւններուն, եւ առիթ չտրուի, որ անիկա ներկայիս որեւէ կերպով կազմուի եւ ապա, քանի մը ամիս ետք՝ երեսփոխանական ընտրութիւններուն յաջորդող կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն վերապահուի այս սկզբունքներուն գործադրութիւնը», շեշտեց ան:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պահանջներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Կը փափաքինք դիւրացնել նոր կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը, սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ մենք մեր իրաւունքներէն պիտի զիջինք: Մեզի համար կարեւորագոյնը այն է, որ լիբանանահայութիւնը ճշգրիտ կերպով ներկայացուի կառավարութեան մէջ: Այսինքն՝ 30 նախարարէ բաղկացող կառավարութեան մէջ ըլլան Հայ առաքելական համայնքին պատկանող երկու նախարարներ: Նկատի ունենալով, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը կը ներկայացնէ լիբանանահայութեան մեծամասնութիւնը, մենք կրնանք դժուարացնել կառավարութեան կազմութեան ընթացքը եւ պահանջել երկու նախարար, սակայն նկատի ունենալով նաեւ այն իրականութիւնը, որ «Մուսթաքպալ» պլոքի անդամ երեք հայ երեսփոխաններ գոյութիւն ունին արդէն, իսկ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պլոքին մէջ՝ մէկ հայ երեսփոխան, ապա մենք հարց չունինք, որ մենք միայն մէկ նախարար ճշդենք, իսկ միւս լիբանանահայ նախարարը ճշդուի վարչապետին կողմէ»:

Ընտրական նոր օրէնքին մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին համար կարեւորագոյնը այն է, որ լիբանանահայութիւնը խորհրդարանին մէջ ճշգրտօրէն եւ արդարօրէն ներկայացուի:

«Այս դիտանկիւնէն մեկնելով, մենք կը սերտենք դաշինքներու կարելիութիւնը: Կան դաշնակիցներ, որոնք հաստատ են եւ որոնց հետ ցարդ հարց չենք ունեցած: Անոնցմէ են Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը եւ երեսփոխան Միշել Մըրը՝ Մեթնի մէջ: Պէյրութի մէջ մեր դաշնակիցը Ազգային ազատ հոսանքն է, իսկ Պէյրութ 2 շրջանին մէջ՝ «Հըզպալլա»ն եւ «Ամալ» շարժումը», ըսաւ ան:

comments