Պոլսոյ Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի 130ամեակի Տօնակատարութիւն

By Asbarez | Wednesday, 16 November 2016

¸ºÎîºØ´ºð-DECEMBER

ՈՒԻՆԵԹՔԱ.- Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան եւ Պոլսոյ Ազգային Կեդրոնական վարժարանի սանուց միութեան, Շաբաթ, Դեկտեմբեր 3ին, երեկոյեան ժամը 8ին տեղի պիտի ունենայ վարժարանի հիմնադրութեան 130ամեակի տօնակատարութիւնն ու աւանդական «Բաժակի պահ»ը։

Ձեռնարկին ընթացքին պիտի նշուի նաեւ վարժարանի հիմնադիր՝ պատրիարք Ներսէս Վարժապետեանի ծննդեան 180ամեակը։

Մասնակցութեան սակը 50 տոլար է, ներառեալ՝ ընթրիք, իսկ տօնակատարութիւնը տեղի պիտի ունենայ միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու» սրահին մէջ (19726 Sherman Way, Winnetka, CA 91306)։

Տեղեր ապահովելու համար, դիմել (310) 541-9921 կամ (818) 324-3169 թիւերուն։

comments

Advertisement