Թուրքիոյ Դեսպանին Տան Դիմաց Բողոքի Ցոյց՝ Թէլ Աւիւի Մէջ

By Asbarez | Sunday, 01 November 2009

ԹԷԼ ԱՒԱՒ.- Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28ին, Իսրայէլի մօտ Թուրքիոյ դեսպանի Թէլ Աւիւի տան դիմաց, կազմակերպութեամբ Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց, Թուրքիոյ հանրապետութեան 86ամեակի առիթով։

Այդ առիթով, Թուրքիոյ դեսպանի տան մէջ, երեկոյեան ժամը 6։30-էն 8։30 տեղի կ՛ունենար ընդունելութիւն։ Ընդունելութեան ամբողջ ընթացքին, աւելի քան 30 հայ ցուցարարներ, Թուրքիան դատապարտող պաստառներով, Ցեղասպանութեան նկարներով եւ Եռագոյն դրօշներով, Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման լոզունգներ կը կանչէին եւ ազգային-հայրենասիրական երգեր կ՛երգէին, գրաւելով հիւրասիրութեան մասկնակիցներու ուշադրութիւնը։ Մասնակիցներու մէջ էին Իսրայէլի քաղաքական եւ զինուորական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, Իսրայէլի մէջ գործող դեսպաններ, դիւանագիտական ներկայացուցիչներ։

Տեղական լրատուամիջոցները անդրադաձան ցոյցին եւ հարցազրոյցներ ունեցան Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ։

comments

Advertisement