Լիբանանահայութեան համեստ դասակարգին զաւակներէն եմ եւ պիտի ծառայեմ բոլոր քաղաքացիներուն - շեշտեց Ա. Կիտանեան

By Aztag Daily | Tuesday, 20 December 2016

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան լիբանանեան տարբեր լրատուամիջոցներուն հետ երէկ ունեցաւ շարք մը հարցազրոյցներ, որոնց ընթացքին շեշտեց, որ աշխատանքային առումով ինք կը գործէ <<Ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին համար>> կարգախօսով:

Ան դիտել տուաւ, որ իրեն համար զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը մարտահրաւէր մըն է` աւելցնելով, որ ինք ունի աշխատանքային ծրագիր մը` գրաւելու համար օտար եւ յատկապէս Ծոցի երկիրներու զբօսաշրջիկներուն ուշադրութիւնը:

Կիտանեան յոյս յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի իշխանութեան օրով նորակազմ կառավարութիւնը ըլլայ բարի նախաձեռնութիւն մը, ինչպէս նաեւ սկզբնաքայլ մը` թեթեւցնելու համար երկրին եւ քաղաքացիներուն ուսերը ծանրացնող բեռը:

<<Եթէ մենք չկրցանք քաղաքացիներուն դիմագրաւած հիմնական հարցերուն լուծումներ գտնել, ապա երկրին իշխանութեան մեր մասնակցութիւնը անարժէք դուրս կու գայ>>, ըսաւ ան` ընդգծելով, որ ինք պիտի ծառայէ բոլոր քաղաքացիներուն:

<<Լիբանանահայութեան համեստ դասակարգին զաւակներէն եմ եւ կը յուսամ, որ կառավարութեան մէջ իբրեւ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ իմ անձիս վստահուած պարտականութիւնն ու պատասխանատուութիւնը լաւագոյնս արդարացնեմ>>, շեշտեց ան:

Նախարար Կիտանեան ըսաւ, որ այս կառավարութիւնը երեսփոխանական ընտրութիւններու կազմակերպման կառավարութիւնն է, <<հետեւաբար ընտրական օրէնքի մը մշակումը անոր կարեւորագոյն նպատակներէն մէկն է>>:

ՆՇԵՆՔ, որ զբօսաշրջութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ հինգշաբթի, 22 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին տեղի պիտի ունենայ նախարարութեան յանձնումի եւ ստանձնումի պաշտօնական արարողութիւն` նախարարներ Միշել Ֆարաոնի եւ Աւետիս Կիտանեանի միջեւ:

 


comments

Advertisement