«Թալէաթ Փաշայի Զեկոյցը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին, 1917»ը՝ Եբրայերէնի Թարգմանուած

By Asbarez | Friday, 02 December 2011

 

ԹԵԼ ԱՒԻՒ, «Մետիամաքս».- Իսրայէլի մէջ լոյս պիտի տեսնէ Լոնտոնի «Կոմիտաս» ուսումնարանի տնօրէն, պատմաբան Արա Սարաֆեանի՝ «Թալէաթ Փաշայի Զեկոյցը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, 1917» աշխատութիւնը՝ եբրայերէն թարգմանութեամբ:

Աշխատութիւնը լոյս պիտի տեսնէ 1000 օրինակէ աւելի տպաքանակով եւ պիտի տարածուի երկիրի համալսարաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Քնեսեթին մէջ:

Սոյն աշխատութեան թարգմանութիւնը հրեայ ժողովուրդին մէջ պիտի բարձրացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իրազեկութեան մակարդակը:

comments