Հայկական Պլոքը Առաջարկեց Հարիրիի Թեկնածութիւնը՝ Վարչապետի Համար

By Aztag Daily | Wednesday, 01 July 2009

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Անցեալ շաբաթավերջին նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն ծիրին մէջ, Հայկական երեսփոխանական պլոքի երեսփոխաններ Յակոբ Բագրատունի եւ Արթիւր Նազարեան այցելեցին Պաապտա, ուր անոնք ընդունուեցան հանրապետութեան նախագահին կողմէ։

Հանդիպումէն ետք, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը քաղաքական որեւէ այլ ուժէ առաջ արդէն իսկ առաջադրած էր Սաատ Հարիրիի անունը՝ վարչապետի պաշտօնին համար։ «Հետեւաբար, նախագահ Սլէյմանի հետ մեր ունեցած հանդիպումին ընթացքին մենք առաջադրեցինք շէյխ Սաատ Հարիրիի անունը, որպէսզի ան կազմէ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որուն մէջ կը ներկայացուի լիբանանեան քաղաքական ուժերուն մեծագոյն տոկոսը։ Մենք կը մաղթենք եւ կը պահանջենք, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը իր ներկայացուցիչը ունենայ կառավարութեան մէ»ջ, ընդգծեց Յ. Բագրատունի։
Նշենք, որ Լիբանանի վարչապետի նշանակման նպատակով այդ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շարունակած է խորհրդակցութիւններ ունենալ քաղաքական տարբեր հոսանքներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններու երկու հանգրուաններուն ամբողջացումէն ետք, նախագահ Սլէյման երեսփոխան Սաատ Հարիրին նշանակեց վարչապետ։
Խորհրդակցութիւններէն ետք նախագահ Սլէյման խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին հրաւիրեց նախագահական պալատ եւ անոր փոխանցեց այդ խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները՝ ըստ սահմանադրութեան։

0630haririՆշանակումէն ետք խօսք առնելով, Հարիրի յայտարարեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ կազմելու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, հեռու խոչընդոտներէ եւ անդամալուծող ազդակներէ, ի շահ Լիբանանին։
Ան ըսաւ, թէ Լիբանանի սպառնացող վտանգները մեծ են եւ աւելցուց, որ հարկ է գործակցիլ հանրապետութեան նախագահին հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմադրել իսրայէլեան սպառնալիքներուն։
Հարիրի նշեց, որ ինք ճիգ պիտի չխնայէ յարգելու երկրին սահմանադրութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը եւ նուազագոյնի իջեցնելու լիբանանցիներուն դէմ ծառացող վտանգները։
Հարիրի շեշտեց, որ ինք պիտի աշխատի վերահաստատելու համար Թաէֆի համաձայնագիրին, ժողովրդավարական վարչակարգին եւ լիբանանեան պետութեան նկատմամբ լիբանանցիներուն վստահութիւնը։

 

comments

Advertisement