Իսրայէլի Խորհրդարանը Ցեղասպանութեան Հարցը Պիտի Քննարկէ Դեկտեմբեր 20էն Ետք

By Asbarez | Friday, 02 December 2011

ԵՐԵՒԱՆ.- «Երկիր Մետիա» կը հաղորդէ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը Դեկտեմբեր 20էն ետք պիտի քննուի Իսրայէլի խորհրդարանի Կրթութեան հարցերով յանձնախումբին կողմէ:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը պիտի քննարկուի Դեկտեմբերի սկիզբը, սակայն խորհրդարանի նախագահ Ռէուվեն Ռեւլինի երկրէն բացակայութեան պատճառով, հարցին քննարկումը յետաձգուած է։

comments