Ազնաւուր Հայաստանի Պատմական Հողերու Վերադարձը Կը Պահանջէ

By Asbarez | Wednesday, 04 November 2009

 

ՀՌՈՄ.- Իտալական <> պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր, որ նաեւ Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանն է, ըսած է. <<Կեանքիս վերջին շրջանին ուրախ եմ տեսնելով, որ թուրք-հայ մերձեցում մը ստեղծուած է։ 1924ին, այսինքն իմ ծննդեան թուականիս, հայերու խոստում տրուեր է հողերը վերադարձնելու մասին։ Այդ խոստումը չգործադրուեցաւ տակաւին։ 85 տարի եւս չեմ կրնար սպասել:

Սթալին, հայերուն խոստացած էր յանձնել Էրզրումը, Երզնկան, Արարատը, Սվազը, Խարբերդը, Տիարպէքիրը, Պիթլիսը, Սղերդը, Մուշը, եւ Վանը։ Սեւրի դաշինքով, <<Ուիլըսնեան Հայաստանը>> կոչուած շրջանը կը ներգրաւէր Օսմանեան շրջանի Տրապիզոն, Էրզրում, Վան եւ Պիթլիս նահանգները>>, ըսած է ան։

comments

Advertisement