Արամ Ա. Կաթողիկոսին պատկերացումը Սուրիոյ Հայութեան վերականգնումի վերաբերեալ

By Aztag Daily | Wednesday, 03 May 2017



Շաբաթ, 29 Ապրիլ 2017-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, հրաւէրով ու նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, տեղի ունեցաւ միօրեայ համագումար` մասնակցութեամբ Սուրիոյ հայութեան հոգեւոր ու համայնքային պատասխանատու մարմիններուն, ինչպէս նաեւ անցնող տարիներուն Սուրիոյ հայութեան օժանդակած կարգ մը կառոյցներու ներկայացուցիչներուն:

Սուրբ Ծնունդի առիթով Հալէպի հայութեան տուած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին, վեհափառ հայրապետը Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի կոչ ուղղած էր եւ այս գծով պարզած էր իր պատկերացումը: Համագումարի իր բացման խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը աւելի լայն ու յստակ կերպով պարզեց իր մօտեցումը վերականգնումի հոլովոյթին վերաբերեալ.-

1) Ողջունելով ներկաները` վեհափառ հայրապետը նախ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց բոլոր անոնց, Հայաստանի պետութենէն սկսեալ մինչեւ Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան գանձանակին մէջ իրենց <<այրիի լուման>> ձգած մեր հոգեւոր, բարեսիրական ու համայնքային կառոյցներն ու բարերարները, որոնք գործնապէս իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան աշխատանքներուն: Յիշելով առաքեալին խօսքը` <<եթէ մարմինին մէկ անդամը ցաւի` բոլոր անդամներն ալ միասին կը ցաւին…>> (Ա.Կր 12.26), վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղեց, որ այս գիտակցութեամբ, Սուրիոյ հայութեան տագնապը համահայկական տագնապ նկատելով, շարունակուի մեր զօրակցութիւնը:

2) Ապա, վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ ժամանակը հասած է, որ շտապ օգնութեան հանգրուանէն ընթանանք դէպի վերականգնումի հանգրուան: Երկրին մէջ յայտնուող նշանները որոշ յոյս կը ներշնչեն այս իմաստով. հետեւաբար, վերանորոգ հաւատքով ու յոյսով պէտք է վերականգնումի աշխատանքներուն լծուինք, ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս` միաժամանակ յիշեցնելով, թէ վերականգնում ըսելով ան չի հասկնար սոսկ քանդուածը վերականգնել կամ վնասուածը վերաշինել. վերականգնում կը նշանակէ էապէս վերարժեւորում մեր ներկայ կեանքին, իր դրական ու բացասական երեսներով, վերակազմակերպում` մեր համայնքային կառոյցներուն եւ վերանորոգում` մեր հաւաքական կեանքին:

3) Վերականգնումը պէտք է ծրագրուի ու կատարուի համապարփակ մօտեցումով. այլ խօսքով, տնտեսական կեանքի վերականգնում, կարիքաւոր ընտանիքներու օգնութիւն, քանդուած տուներու վերաշինութիւն եւ կառոյցներու վերաշխուժացում, պէտք է քննարկուին, ծրագրուին ու կեանքի կոչուին մէկ ամբողջութեան ծիրին մէջ, զուգահեռ կերպով եւ առաջնահերթութեան կարգով:

4) Վերականգնումը պէտք է կատարուի հանգրուանային կերպով: Նախ եւ առաջ ցանկագրումը պէտք է կատարուի վնասներուն, կարիքներուն եւ ապա` անոնց արժեւորումը եւ առաջնահերթութեան ճշդումը: Միշտ հանգրուանային կերպով ու նախապատուութեան կարգով պէտք է կատարուի առաջադրուած ծրագիրներուն իրագործումը:

5) Վերականգնումի նախապատրաստական ծրագիրները անհրաժեշտ է, որ կատարուին մասնագիտական եւ ոչ պարագայական ու հապճեպ մօտեցումով: Այս յոյժ կարեւոր աշխատանքին պէտք է լծել տնտեսական, շինարարական, վարչակազմակերպչական մարզերուն մէջ մասնագիտութիւն ու փորձառութիւն ունեցող անձեր:

6) Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց թափանցիկութեան ու համարատուութեան անհրաժեշտութիւնը: Գիտենք, որ յիշեալ աշխատանքները պիտի կատարուին երկրի մը մէջ, ուր պայմանները տարբեր են: Նաեւ գիտենք, որ տակաւին կարգ մը արեւմտեան երկիրներ որոշ սահմանափակումներ հաստատած են Սուրիոյ կատարուելիք օժանդակութեանց գծով: Սակայն, այս բոլորը նկատելով հանդերձ, անհրաժեշտ է շուտով գործի լծուիլ` մեկնելով թափանցիկութեան ու համարատուութեան սկզբունքներէն: Նման գործելակերպ վստահութիւն կը ներշնչէ մեր ժողովուրդին, յիշեցուց վեհափառ հայրապետը:

7) Արամ Ա. կաթողիկոս նաեւ առաջարկեց ժամանակացոյցի մը ճշդումը` միշտ նկատի ունենալով քաղաքական-ապահովական պայմանները, ինչպէս նաեւ նիւթական կարելիութիւնները.- ա) թղթածրարներու պատրաստութիւն մինչեւ յուլիս 2017-ի վերջը. բ) օգոստոսի առաջին կիսուն ծրագիրներու ներկայացում համագումարի մը ընթացքին, ուր մեծապէս փափաքելի է: որ ներկայ գտնուին Հայաստանի պետութեան, թեմերու, գաղութներու, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւ բարերարներ: Յիշեալ համագումարին ընթացքին սպասելի է, որ որդեգրուին ներկայացուած ծրագիրները. գ) ծրագիրներու գործադրութիւն հոկտեմբեր 2017-էն սկսեալ:

8) Վեհափառ հայրապետը վերականգնումի առնչուած չորս գլխաւոր բնագաւառներ առաջարկեց.- ա) միջին <<պիզնըս>>-ներու օժանդակութիւն ու փոխատուութիւն կատարելու ծրագիրի մշակում. բ) ազգային կառոյցներու վերակազմակերպման ու վերաշխուժացման աջակցութիւն. գ) վնասուած շէնքերու վերանորոգում. դ) կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութիւն:

9) Վեհափառ հայրապետը նաեւ շեշտեց ծրագիրներու գործադրութեան հսկողութեան կարեւորութիւնը: Այս ծիրին մէջ ան թելադրեց.- ա) կեդրոնական յանձնախումբի մը ստեղծումը` մասնակցութեամբ երեք համայնքներու հոգեւոր պետերուն, կուսակցութիւններու եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներուն. բ) շինարարական, տնտեսական եւ այլ անհրաժեշտ յանձնախումբերու նշանակումը, որոնք պէտք է գործեն կեդրոնական յանձնախումբին հսկողութեան ներքեւ:

10) Որպէսզի աշխատանքները ընթանան աւելի ծրագրուած կերպով, եւ ծրագիրները որդեգրած կողմերուն հետ յարաբերութիւնը ըլլայ հետեւողական, վեհափառ հայրապետը  թելադրեց, որ գրասենեակ մը հաստատուի Հալէպի մէջ: Յիշեալ գրասենեակին աշխատանքին բնոյթը եւ սահմանները պէտք է ճշդուին կեդրոնական յանձնախումբին կողմէ:

Իր խօսքի աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գնահատանքը յայտնեց Սուրիոյ հայութեան հոգեւոր ու համայնքային պատասխանատուներուն` իրենց նուիրեալ ծառայութեան համար, վերաշեշտելով Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքները համահայկական մասնակցութեամբ եւ ծրագրուած կերպով կատարելու հրամայականը:

 


comments

Advertisement