Տեղապահ Պեքճեան Սրբազանը ստանձնեց իր պաշտօնը

By Asbarez | Sunday, 04 June 2017

0603bolis

ՊՈԼԻՍ - Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական տեղապահ Գարեգին արք. Պեքճեան Յունիս 1ին ժամանեց Պոլիս:

Պոլսահայ <<Լոյս>> պարբերականին փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, Պեքճեանի պատուոյն Հրաշափառի արարողութիւն տեղի ունեցած է Գումգաբուի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

Եկեղեցական արարողութեան ժամանակ Պեքճեան ելոյթ ունեցած է՝ ըսելով, որ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը պիտի ղեկավարէ բարեկամութեան ու եղբայրութեան ոգիի ծիրէն ներս:

Արարողութեան ներկայ գտ-նուած է պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնէն հրաժարած Արամ արք. Աթէշեան, որ իր հերթին նշած է, թէ ինք փորձած է առաւելագոյնս վերահսկել իրավիճակը։

Բոլոր ներկաները միասին աղօթած են պատրիարքական ընտրութիւններու հեզասահ անցկացման համար: Տեղապահ Պեքճեան սրբազան բոլորին շնորհակալութիւն յայտնած է իրեն հանդէպ ցուցաբերուած հետաքրքրութեան առթիւ:

Ի թիւս այլ հոգեւորականներու, արարողութեան մասնակցած է նաեւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայ համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Լեւոն արք. Զէքիյեան:

0603bolis2


comments

Advertisement