Սփիւռքահայ աղջիկները եւս պիտի մասնակցին Միս Հայաստան համահայկական մրցումին

By Aztag Daily | Monday, 05 June 2017



<<Հայերն այսօր>> կայքը կը հաղորդէ, որ 25  մայիսին Հայաստանի սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանի, Հայաստանի մշակոյթի նախարարի տեղակալ Արեւ Սամուէլեանի, <<Միս  Հայաստան>> հիմնադրամի նախագահ, մրցոյթի կազմակերպիչ, <<Միս ԱՊՀ-1999>>, <<Միսիս Կլոպ-2009>> տիտղոսակիր գեղեցկուհի Գոհար Յարութիւնեանի, <<Փիւնիկ>> մարդկային պաշարներու հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Սուրէն Նալջեանի  եւ սուրիահայ ձեւաւորող, <<Շատոյեան ֆեշըն>> նորաձեւութեան արուեստանոցի տնօրէն Գէորգ Շատոյեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս:

Ասուլիսին ընթացքին բանախօսները ներկայացուցին <<Միս  Հայաստան>> հիմնադրամի նախագահին նախաձեռնութեամբ, մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեամբ եւ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ սեպտեմբերին կայանալիք <<Միս Հայաստան>> գեղեցկութեան համահայկական մրցումին ընթացակարգը, կանոնները, ընդգծեցին  համահայկական մրցում կազմակերպելու կարեւորութիւնը:

Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան մասնաւորապէս նշեց. <<Սփիւռքի նախարարութիւնը մեծ պատրաստակամութեամբ արձագանգեց այս նախաձեռնութեան: Սփիւռքի մէջ եւս կ՛ապրին բազմաթիւ գեղեցիկ հայուհիներ, որոնք կրնան ներկայացնել թէ՛ հայ կնոջ գեղեցկութիւնը, եւ մտային զարգացման կարողութիւնը, եւ թէ հայկական ազգային դիմագիծը: <<Միս Հայաստան>>-ին յաղթողին պարտականութիւնն է նաեւ Հայաստանը աշխարհին ներկայացնել>>:

<<Միս Հայաստան>> հիմնադրամի նախագահ Գոհար Յարութիւնեան ընդգծեց, որ մրցումին հիմնական նպատակն է Հայաստանի մէջ տարեկան դրութեամբ գեղեցկութեան մրցումներ կազմակերպել եւ միջազգային հեղինակաւոր գեղեցկութեան մրցումներուն հայաստանեան ներկայացուցիչին մասնակցութիւնը ապահովել:

<<17-26 տարեկան աղջիկները արդէն կրնան արձանագրուիլ` ամբողջացնելով Missarmenia.org կայքին մէջ տեղադրուած դիմումը: Արձանագրութեան վերջնական ժամկէտը յուլիս 15-ն է: Սփիւռքէն արձանագրուած մասնակիցները նախընտրական փուլերը պիտի կատարեն առցանց, իսկ ընտրուած մասնակիցները հետագային պիտի հրաւիրուին Հայաստան: Անոնց բնակութեան, սնունդի, բեմական հագուստի, անվտանգութեան հարցերը կը հոգանք մենք: Մրցումի եզրափակիչ փուլը կը նախատեսուի կատարել 15 սեպտեմբերին>>, նշեց  Գոհար Յարութիւնեան:

 

comments

Advertisement