Փայլան ամէն ինչ պիտի ընէ, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները չմիջամտեն Պոլսոյ Պատրիարքի ընտրութիւններուն

By Asbarez | Friday, 23 June 2017

0624garopaylan

Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Կարօ Փայլան կ՛ըսէ, թէ Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութիւններու կազմակերպման գործընթացը դեռ չի գոհացներ զինք, քանի որ Արամ արք. Աթէշեան տակաւին չէ հրաժարած պատրիարքի փոխանորդի իր պաշտօնէն, որպէսզի կարելի ըլլայ սկսիլ այդ գործընթացին: <<Թերթ>>ի հետ զրոյցի մը ընթացքին Փայլան կը նշէ, որ տակաւին կը սպասէ այդ քայլին եւ սկսած է կասկածելու, որ Արամ արքեպիսկոպոս փորձէ շահագործել իրավիճակը:

Փայլան կը յայտնէ, թէ պատրիարքութեան հաւանական թեկնածուներէն ոչ մէկուն կը զօրակցի առայժմ, որովհետեւ նախ կ՛ուզէ տեսնել, թէ ստոյգ որո՞նք պիտի ըլլան անոնք եւ մանաւանդ՝ ի՞նչ առաջարկներով պիտի ներկայանան:

Ըստ անոր՝ Պոլսոյ պատրիարքը պէտք է կարենայ ներկայացնել Թուրքիոյ հայ համայնքը ամբողջ աշխարհին: <<Ես կը կարծեմ, որ Արամ արք. Աթէշեան ատիկա չըրաւ վերջին տարիներուն>>, կ՛ըսէ ան:

Կարօ Փայլան հաւանական կը համարէ, որ Արամ արք. Աթէշեան՝ որպէս պատրիարքի թեկնածու, մասնակցի ընտրութիւններուն, բայց իր կարծիքով՝ ան զերօ կարելիութիւն ունի յաղթելու:  <<Այնքան սխալներ գործեց, որ համայնքին մէջ ոչ ոք կ՛ուզէ անոր քուէ տալ: Ան կը շարունակէ այդ <<աթոռին նստիլ>>, քանի շատ լաւ գիտէ, որ ընտրութիւններուն ոչ մէկ կարելիութիւն ունի յաղթելու>>, կ՛ըսէ հայ երեսփոխանը:

Իսկ <<հաւանակա՞ն է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները միջամտեն ընտրութիւններու կազմակերպման>> հարցումին, ան կը պատասխանէ, որ անոնք միշտ միջամտած են եւ հիմա ալ կը միջամտեն համայնքին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն: <<Թուրքիան նշանակած էր Արամ Աթէշեանը, որպէս պատրիարքի փոխանորդ, բայց մենք չէինք ուզեր: Անոնք ամէն ինչ կ՛ընեն ազդելու համար պատրիարքի ընտրութիւններուն վրայ: Յամենայն դէպս, կրնամ ըսել, որ անձամբ ես ալ ամէն ինչ պիտի ընեմ՝ թոյլ չտալու համար, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները միջամտեն ընտրութիւններու կազմակերպման>> կ՛եզրափակէ Փայլան:

 



comments

Advertisement