Միջին Արեւելքի յանձնախումբերը մեզի բարեկամ Արաբ ժողովուրդին կը բացատրեն, թէ մեր դատը, պայքարը, պահանջները ի՛նչ են - հաստատեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

By Aztag Daily | Saturday, 09 September 2017


Շաբաթ 2 եւ կիրակի 3 սեպտեմբերին <<Շաղզոյեան կեդրոն>>-ին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայ դատի Միջին Արեւելքի խորհրդաժողովը` կազմակերպութեամբ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակին: Այս խորհրդաժողովին ներկայ գտնուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը:

Խորհրդաժողովի աշխատանքներուն եւ արդիւնքներուն ծանօթանալու համար <<Ազդակ>>, <<Վանայ ձայն>> եւ <<Օ. Թի. Վի.>> միացեալ հարցազրոյց մը կատարեցին անոր հետ` իրազեկ դառնալով նաեւ Հայ դատի վերջին զարգացումներուն եւ Հայ դատի ուղղութեամբ տարուող նորագոյն աշխատանքներուն:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ էր Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակին կազմակերպած խորհրդաժողովին նպատակը:

ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.- ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյին կազմակերպութեամբ մենք կ՛ունենանք ընդհանրապէս երկու տեսակի խորհրդաժողովներ, մէկը` կեդրոնական, որ առհասարակ տեղի կ՛ունենայ Երեւան, իսկ երկրորդը` տարածաշրջանային, ռայոնական, ինչպէս որ կ՛ըսենք երբեմն: Այդ տարածաշրջանային խորհրդաժողովներուն վերջինը, որ գարնան տեղի ունեցաւ Եւրոպայի մէջ, կը համախմբէր Եւրոպայի մեր բոլոր յանձնախումբերը, կազմերը, գրասենեակները: Անցեալին տեղի ունեցած են նաեւ Ամերիկաներու, Աւստրալիոյ խորհրդաժողովները, հիմա կարգը եկած է Միջին Արեւելքին, ուր նման ժողով տեղի կ’ունենար երկար տարիներու բացակայութենէն ետք` նկատի ունենալով Սուրիոյ եւ Իրաքի կացութիւնները, որոնք չէին թելադրեր ամբողջական ժողով կազմակերպել: Ինծի համար մեծ ուրախութիւն էր տեսնել ներկայութիւնը Միջին Արեւելքի բոլոր շրջաններուն, ուր ունինք աշխուժ կառոյցներ` Հայ դատի աշխատանքները հետապնդող. ՀՅ Դաշնակցութեան մարմիններուն կողքին, Հայ դատի յանձնախումբերը այդ գործը յառաջ կը տանին: Այս խորհրդաժողովը կը հետապնդէր հիմնական երկու նպատակ: Առաջին, բնականաբար, ծանօթանալ իւրաքանչիւր շրջանի մէջ տարուող աշխատանքներուն. թէեւ Բիւրոն օրը օրին կը տեղեկանայ այդ աշխատանքներուն մասին, բայց իւրաքանչիւր յանձնախումբ միւս յանձնախումբի տարած աշխատանքին ծանօթանալու խնդիր կար, որպէսզի նաեւ օգտուին իրարու փորձառութենէն: Եթէ առաջին նպատակը այս է, այսինքն` տեղեկատուական փոխծանօթացում եւ փորձառութեանց փոխանակում, երկրորդը բնականաբար միջինարեւելեան շրջանին մէջ տարուելիք Հայ դատի աշխատանքներու համադրումն է երկու մակարդակով, մէկը երկիրներու, երկրորդը ընդհանրապէս համաարաբական եւ համաիսլամական երկիրներու մէջ տարուելիք աշխատանքներու հարցն է` Արաբական լիկա, Իսլամական խորհուրդ կամ այլ կազմակերպութիւններու ճամբով: Թեմաները Հայ դատի չորս մարզերը կ՛ընդգրկեն. առաջինը հայրենի պետութեանց (Հայաստան եւ Արցախ) օժանդակութեան, պետական հիմքերու ամրապնդման, արտաքին մարտահրաւէրներու դիմագրաւման մէջ մեր ստանձնած պարտականութեան լոպիինկի խնդիրն է. Արցախի պարագային, բնականաբար կայ ազգային ինքնորոշման իրաւունքի  շեշտադրումը, նաեւ` վերջին տարիներուն մեր ծաւալած անկախութեան ճանաչման աշխատանքը. որոշ տեղեր յաջողութեան հասած ենք եւ կը փորձենք տեսնել, թէ Միջին Արեւելքի մէջ ի՛նչ կարելիութիւն կայ` հակառակ մեծ խոչընդոտներու: Հայ դատի աշխատանքներուն երկրորդ շերտը ընդհանրապէս կը կեդրոնանայ մեր դասական օրակարգին վրայ, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման, հատուցման եւ պահանջատիրական թղթածրարն է,  օրինական երեսներու ուսումնասիրութեան խնդիրները. երրորդը մեր հայապատկան հողերու վրայ հայութեան եւ ազգային այլ փոքրամասնութիւններու հարցն է: Այսինքն բնականաբար ունինք Ջաւախքը, ջաւախահայութիւնը, որ այսօր ամրօրէն իր հողին կառչած հայկական բնակչութիւն ունի, եւ մեր նպատակն է ատիկա յաւերժացնել, պաշտպանել անոնց մարդկային իրաւունքները. ճիշդ է, այսօր մենք Ջաւախքի  առնչուած հողային պահանջատիրական հարց չունինք, բայց կայ լուրջ խնդիր` ջաւախահայութեան իրաւունքներու առումով, այսինքն իրենց ներքին, լեզուամշակութային, ցեղային իրաւունքներու հարցն է, որ ոչ միշտ կը յարգուի վրացական պետութեան կողմէ: Երրորդ գլխուն տակ կայ Արեւմտեան Հայաստանի պարագան, թաքուն հայերը իրենց արմատներուն վերադարձնելը, հայկական ներկայութիւնը աղաւաղող խնդիրները, ինչպէս նաեւ` ազգային փոքրամասնութիւններուն հետ յարաբերութեան խնդիր, տէրսիմցի ըլլան անոնք, քիւրտ կամ այլ: Չորրորդ եւ վերջին գլուխը, որով ընդհանրապէս կ՛ամփոփենք մեր Հայ դատի գործունէութիւնը, ժողովուրդի քաղաքականացման եւ մանաւանդ երիտասարդութիւնը քաղաքական կեանքին մղելու աշխատանքն է` թէ՛ իբրեւ ընդհանուր սկզբունք եւ թէ՛ իբրեւ գործնական միջոցառումներ` ամէնուրեք, որպէսզի կարողանանք մեր ապրած երկիրներուն մէջ հայ երիտասարդութիւնը տեսնել քաղաքական դիրքերու վրայ:

Հ.- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Միջին Արեւելքի Հայ դատի մարմիններուն աշխատանքները, եւ անոնք ինչպէ՞ս կը զատորոշուին Եւրոպայի, Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի մեր կեդրոնական գրասենեակներէն եւ, ընդհանրապէս, այդ շրջաններու Հայ դատի մարմիններու աշխատանքներէն:

Յ. Տ. Խ.- Մեր հասկացողութեան մէջ երբ կը գործածենք յանձնախումբ կամ մարմին բառը, կը խօսինք կամաւորներէ կազմուած խումբերու մասին, որոնք կը  գործեն կամաւոր ձեւով, իսկ երբ կը խօսինք գրասենեակներու մասին, այսինքն ունինք անձնակազմ, պաշտօնէութիւն, որոնք 24 ժամ Հայ դատով կը զբաղին եւ ոչ միայն իրենց ազատ ժամերը նուիրած են այս պայքարին, այլեւ` ամբողջ էութիւնը. այսպիսի գրասենեակներ կը գործեն աշխարհի տարածքին: Մէկ մասը` կեդրոնական գրասենեակները, կապուած են Բիւրոյի, իսկ միւս մասը շրջանային առում ունին: Միջինարեւելեան գրասենեակը, Վերա Եագուպեանի ղեկավարութեամբ, Բիւրոյի գրասենեակներէն մէկն է, որուն կեդրոնատեղին Լիբանանն է, բայց հիմնական աշխատանքը կը տարածուի արաբական եւ համաիսլամական բոլոր շրջանակներուն վրայ: Նախ ըսեմ, որ մեծ ուրախութիւն էր իմանալ, լսել այլազան մարմիններու եւ յանձնախումբերու տարած աշխատանքներուն մասին ու նաեւ գիտնալ ուրիշներու գնահատականը տարբեր յանձնախումբերու մասին` սկսելով Իրանի մեր շրջանէն, տարածուելով մինչեւ Միացեալ Էմիրութիւններ, Քուէյթ, Իրաք, Սուրիա, Լիբանան. այդ շրջաններուն մէջ գործող բոլոր յանձնախումբերուն գործունէութիւնը ընդհանրապէս եղած է աշխուժ, արդիւնաւէտ եւ նպատակասլաց. այս իմաստով հետաքրքրական է տեսնել, հակառակ բոլոր վերիվայրումներուն, որոնք տեղի կ՛ունենան միջինարեւելեան շատ մը երկիրներու մէջ, որ մենք պատնէշի վրայ ենք` իբրեւ հայութիւն, իբրեւ Դաշնակցութիւն, եւ մեր Հայ դատի յանձնախումբերը ամբողջական կերպով կը կատարեն իրենց առաքելութիւնը:

Շատ արդար էր ձեր հարցումը, որ բաղդատած ուրիշ յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու` ի՞նչ է տարբերութիւնը. հիմնական մեծ տարբերութիւնը այն է, որ եթէ արեւմտեան աշխարհին մէջ մենք, իբրեւ Դաշնակցութիւն, առհասարակ քաղաքական յարաբերութիւններու ամբողջ ծրարը կը վստահինք մեր Հայ դատի յանձնախումբերուն, որպէսզի մարմինները կեդրոնանան աւելի կազմակերպական, իսկ քաղաքականի պարագային միայն ընդհանրական, ռազմավարական հարցերուն վրայ` բոլոր մանրամասնութիւններ ձգելով Հայ դատի յանձնախումբերուն, այդպէս չէ պարագան Միջին Արեւելքի, որովհետեւ շատ մը երկիրներու մէջ, ինչպէս` Լիբանան, Իրան, Սուրիա, մենք ունինք ուղղակի քաղաքական ներկայութիւն, որքան ալ բացայայտ չըլլայ, բայց Դաշնակցութիւնն է ներկան թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ Իրանի պարագային: Մեր մարմինները եւ երեսփոխանները իրենք են, որ ուղղակի  այդ քաղաքական յարաբերութիւններու  թղթածրարը կը ստանձնեն, այսինքն` պետական այրերու հետ, պետական տարբեր պատասխանատուներուն հետ կապերու հաստատումը: Յանձնախումբերը աւելի շատ կը ծանրանան յարաբերական, քարոզչական եւ հրատարակչական աշխատանքներու վրայ: Դուրսը քիչ մը տարբեր է, Անգլիայէն սկսած մինչեւ Ֆրանսա, կամ Եւրոպայի ամբողջ տարածքին, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներ, Աւստրալիա, այդ շրջաններուն մէջ տեղւոյն քաղաքական դէմքերուն հետ անմիջական առօրեայ յարաբերութիւններու մշակումը կը կատարեն յանձնախումբերը եւ գրասենեակները: Հիմնական տարբերութիւնը այս է, իսկ ներազգային իմաստով տարուած աշխատանքը, ժողովուրդին մէջ պահանջատիրութեան զգացումը բարձր պահելը, ցոյցերու կազմակերպումը, արցախեան հարցով Ազրպէյճանի ոտնձգութիւններուն անմիջապէս հակադարձելը, Հայաստանի պարագային արտաքին խոչընդոտները նսեմացնելը, կամ եթէ նոյնիսկ մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ է` անհետացնել այդ բոլոր խոչընդոտները.  ասոնք օրակարգի կարեւոր նիւթեր են, որոնք բոլորն ալ կ՛ընեն Միջին Արեւելքէն մինչեւ աշխարհի այն կողմերը, ուր ներկայութիւն ենք: 35 երկիրներու մէջ կուսակցական եւ Հայ դատի կազմակերպուած ներկայութիւն ունինք, եւ անկէ զատ` 10 երկիրներու մէջ կան Հայ դատի յանձնախումբեր,  որոնք համակիրներէ կազմուած են:

Հ.- Այս շրջանին մէջ Հայ դատի աշխատանքներ ծաւալելու առումով ինչպիսի՞ դժուարութիւններ կան` նկատի առնելով նախ վերջին իրադարձութիւնները եւ երկրորդ` Թուրքիոյ անմիջական ներկայութիւնը:

Յ. Տ. Խ.- Շատ յստակ է, որ մեծագոյն դժուարութիւնը բնականաբար Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի խաղացած դերն է, երբ իրենք կը գործածեն իսլամական գործօնը, որ իրենց համար մեծ առաւելութիւն է, մանաւանդ` կարգ մը երկիրներու պարագային, որոնք նոյնիսկ ճանաչում չեն շնորհած Հայաստանի, ինչպէս է պարագան Սէուտական Արաբիոյ, Փաքիստանի պէս երկիրներու, որոնք դիւանագիտական յարաբերութիւններ իսկ չունին Հայաստանի հետ: Ասոնք եւ ասոնց շրջանակի երկիրները ինքնաբերաբար կը քուէարկեն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի օգտին, եւ հիմնականին մէջ սիւննի աշխարհի այդ ներկայացուցիչներն են, որոնք խոչընդոտ կը հանդիսանան: Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը բաւական ճամբայ կտրած է նոյնիսկ Միջին Արեւելքի մէջ, ուր, վերջ ի վերջոյ, Ցեղասպանութեան զոհ գացածներուն յաջորդներով կամ անկէ ճողոպրածներով կազմուած համայնքներն են. ճիշդ է, որ Միջին Արեւելքի գրեթէ բոլոր համայնքները աւելի հին ներկայութիւն եղած են, յատկապէս` Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, բայց համայնքային կազմակերպուածութիւնը թափ ստացած է Ցեղասպանութենէն ետք: Լուրջ աշխատանքի կարիք կայ, որպէսզի ճանաչման գործընթացը որոշ տեղ հասնի: Դրական երեւոյթներ կան. Լիբանանը արդէն Ցեղասպանութիւնը ճանչցած է 2000 թուականին, իսկ հիմա այդ խմորումները կան Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի պարագային. երկուքն ալ ներկայ դրութեամբ Թուրքիոյ հետ լարուած կամ նոյնիսկ գոյութիւն չունեցող յարաբերութիւններուն բերումով, նոյնիսկ Թուրքիոյ` իրենց հանդէպ ունեցած թշնամական կեցուածքով ճամբայ բացած են մեր Դատին դիմաց. բաց պատուհան մըն է մեզի համար, առիթ մը, պատեհութիւն մը, որ լրջօրէն կեդրոնանաք այդ երկու երկիրներուն վրայ` Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացի իմաստով: Սուրիոյ մէջ արդէն համապատասխան թղթածրար ներկայացուած է խորհրդարանին, նախագահը իր յայտարարութեան մէջ բառը օգտագործած է, Եգիպտոսի պարագային նախագահը այս ուղղութեամբ իր բարի տրամադրութիւնը դրսեւորած է, քանի մը երեսփոխաններ եւ պատասխանատուներ այդ ուղղութեամբ աշխատանք տարած են, բայց այս գործընթացը տակաւին իր վերջին փուլին չէ հասած:  Լուրջ կարելիութիւններ կան եւ աշխատանքի անմիջական դաշտեր` Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի պարագային: Արցախի հարցով վիճակը աւելի դժուար է անշուշտ: Այն աշխատանքը, զոր մենք կը տանինք Ամերիկաներով` հիւսիսային-հարաւային, Քանատայէն սկսեալ մինչեւ Ուրուկուէյ եւ Եւրոպա, Աւստրալիա, այնտեղ շատ աւելի համարձակ ժողովուրդներու ազգային որոշ իրաւունքներու վրայ հիմնուած  եւ Արցախի բնական իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցով ճամբայ կտրած ենք, եւ ինչպէս գիտեն ունկնդիրները, Աւստրալիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու պարագային նահանգային մակարդակով որոշում ալ անցուած է, այսինքն ոչ միայն ազգային ինքնորոշման իմաստով, այլեւ անկախութեան ճանաչման, բայց ոչ` դաշնակցային մակարդակով, յաջորդ փուլը հոն է. այդ յանդգնութիւնը, համարձակութիւնը չենք կրնար նոյն ձեւով կիրարկել Միջին Արեւելքի պարագային, որովհետեւ կայ այն գործօնը, որուն մասին խօսեցանք, ուր Թուրքիան կը հրահրէ, Ազրպէյճանին կը սորվեցնէ` որպէս անոր կրտսեր եղբայրը, եւ համադրուած ջանք, աշխատանք ու քաղաքականութիւն կը վարեն այս հակամարտութիւնը, այսպէս կոչուած, ներկայացնելու իբրեւ կրօնական եւ ազգամիջեան պայքար, թէեւ գիտենք, որ բացարձակապէս այդ չէ պարագան, բայց իրենք իրենց ունեցած կապերով, միջոցներով եւ կրօնական մօտեցումով կը փորձեն հրահրել իսլամական աշխարհի տրամադրութիւնները` Հայաստանի եւ Արցախի դէմ:  Հիմնական աշխատանքը այս բոլորին դիմադրելու,  բացատրութիւններ տալու, յստակ տուեալներ ներկայացնելու աշխատանքն է, զոր կը կատարեն միջինարեւելեան բոլոր մարմինները` Իրանէն սկսեալ մինչեւ արաբական երկիրներու մէջ գործող բոլոր Հայ դատի միաւորները, ցոյց տալու համար, որ իրականութիւնը այն չէ, ինչ որ Ազրպէյճան կամ Թուրքիա կը փորձեն ներկայացնել, այլ խժդժութեանց, ջարդի զոհ գացած Արցախի հայութիւնը բնականաբար իր ինքնապաշտպանութեան ու նաեւ ինքնորոշման իրաւունքը պիտի պաշտպանէր, երբ որ փուլ եկաւ  Խորհրդային Միութիւնը: Եւ Արցախը երբեք մաս չէ կազմած անկախ Ազրպէյճանին, եւ Ազրպէյճանի գոյութիւնը, որպէս պետութիւն, ճիշդ նախախորհրդային շրջանին է, որ ծագած է: Մենք 1918-էն առաջ առհասարակ Ազրպէյճանի եւ կամ ազրպէյճանական զանգուածի մասին չենք լսած, թաթարներու մասին կը խօսուէր, բայց Ազրպէյճան, որպէս պետութիւն, ինքնին նորութիւն էր: Անիմաստ է յանկարծ աշխարհի տարածքին սփռել այն սուտը, որ Արցախ մաս կազմած է Ազրպէյճանին, մենք բնականաբար կը հակադարձենք, եւ հոս լուրջ աշխատանք ունին կատարելու Միջին Արեւելքի յանձնախումբերը, որովհետեւ մեզի բարեկամ արաբ ժողովուրդին, Իրանի ժողովուրդի մէկ կարեւոր հատուածին պէտք է ներկայացնենք այս իրողութիւնը, եւ բացատրենք, թէ հարցը ճիշդ ի՛նչ է, էութիւնն ի՛նչ է եւ մեր պայքարը, պահանջները ինչի՛ մէջ կը կայանան: Այդ ուղղութեամբ աւելի դժուար տարածաշրջան է Միջին Արեւելքը, քան դուրսը, բայց նաեւ անհրաժեշտ  է այդ աշխատանքը շարունակել:

Երկրորդը, որ իւրայատուկ է այս տարածաշրջանին ու նաեւ` այստեղի մեր կազմերուն, մարմիններուն, յանձնախումբերուն, ընդհանրապէս քրիստոնէութեան եւ հայութեան ճակատագրի հարցն է Միջին Արեւելքի մէջ: Մեր այս խորհրդաժողովի ընթացքին երկու մասնագէտներ ներկայացուցին այդ նիւթը` անդրադառնալով նաեւ այն ահաւոր պատկերին, որ կը պարզէ քրիստոնէութեան թիւի նուազումը, տեղափոխումը շրջանէ շրջան եւ արտագաղթը: Այս երեք  ուղղութիւններով մենք աշխատանք ունինք տանելիք, որպէսզի հայութիւնը իբրեւ ազդեցիկ փոքրամասնութիւն` մնայ այս երկիրներուն մէջ: Եթէ մենք Ամերիկայի կամ Քանատայի մէջ աշխատանք պիտի տանինք այս ուղղութեամբ, բնականաբար տուեալները պիտի գան այստեղի յանձնախումբերէն եւ մարմիններէն, որոշ չափով նաեւ` ուղղութեան առաջարկներ, բայց այնտեղ ալ պիտի փորձենք քաղաքական ճնշում բանեցնել աշխարհի կարգ մը կեդրոններուն վրայ, որոնք կը զբաղին Միջին Արեւելքի ճակատագիրով, որ գործը համադրուած ձեւով յառաջ երթայ:

Արտագրեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

comments

Advertisement