Հայաստան-Սփիւռք 6րդ Համաժողովը սկսաւ Երեւանի մէջ 

By Asbarez | Tuesday, 19 September 2017

The 6th Armenia-Diaspora Pan-Armenian Conference under the title of 'Mutual Trust, Unity and Responsibility' has launched in Yerevan, Armenia of Yerevan, Armenia

ԵՐԵՒԱՆ, <<Եռագոյն>> - Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ Սեպտեմբեր 18ին սկսաւ Հայաստան-Սփիւռք 6րդ համաժողովը, որուն բացման ներկայ էին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ Հայաստանէն ու Սփիւռքէն աւելի քան 1500 մասնակիցներ։

Մօտաւորապէս 70 երկիրներէ մասնակիցներ մէկտեղած այս համաժողովին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հրանոյշ Յակոբեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. <<Սիրով եւ ջերմութեամբ կ՛ողջունեմ ձեզ մայր հայրենիքի մէջ եւ կ՛ըսեմ՝ բարո՛վ եկած էք ազատ ու անկախ Հայաստան՝ ձե՛ր հայրենիքը>>: Ան յայտնեց, որ այս համաժողովին պիտի մասնակցին աւելի քան 1800 ներկայացուցիչներ, որոնց մէջ մեծ թիւ կը կազմեն մտաւորականներ եւ գործարարներ:

<<Մեծ պատուիրակութիւններ ժամանած են Միացեալ Նահանգներէն, Արժանթինէն, Ֆրանսայէն, Իրանէն, Ռուսիայէն, Վրաստանէն, Թուրքիայէն եւ Արցախէն: Համաժողովին կը մասնակցին Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, տարբեր երկիրներու պատգամաւորներ, նախարարներ ու տեղական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ: Համոզուած եմ, որ ձեր գործնական դիրքորոշումներով եւ իրատեսական հարցադրումներով պիտի հարստացնենք Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը եւ պիտի նպաստենք անոր զարգացման>>, ըսաւ նախարարը:


0919hamajoghov2

Այնուհետեւ, համայն հայութեան օրհնութեան խօսք ուղղեց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը. <<Մեր պետութիւնը, թէեւ բազում դժուարութիւններու առջեւ, համայն հայութեան պատուարն է եւ մեր ժողովուրդի գոյատեւման  երաշխաւորը: Այսօր ժամանա՛կն է, որ դառն փորձութիւններու ծանրութիւնը կրած մեր երկիրն ու ժողովուրդը կարենայ ամուր քայլերով ընթանալ վերելքի ուղիով, որ կը պահանջէ ուժերու ու կարողութիւններու ամբողջական կեդրոնացում ու համախմբում: Հայրենաբնակ թէ սփիւռքահայ՝ հայրենիքի եւ ազգի հանդէպ կը կրենք նո՛յն պատասխանատուութիւնը: Հայրենիքէն կարելի չէ երես դարձնել՝ ձախողած գործի կամ տեղ գտած անարդարութեան մը պատճառով: Հայրենիքէն կարելի չէ երես դարձնել, եթէ այն նեղութիւններու, փորձութիւններու ու մարտահրաւէրներու առջեւ է անիկա, կամ՝ նուազ հարուստ ու յարմարաւէտ է: Զինուորն ու ծառան ենք հայրենիքին: Ա՛յս պիտի ըլլայ մեր նշանաբանը: Հայրենիքը մենք պիտի սիրենք այն պարզ պատճառով, որ մե՛րն է, մեր հայրերու արեամբ ու քրտինքով նուիրագործուած եւ մեզի աւանդուած է: Հայրենիքով զօրեղ է իւրաքանչիւրը՝ իբրեւ ազգի զաւակ, իբրեւ կրողն ու շարունակողը հայրենեաց ժառանգութեան, իսկ զօրութիւնը հայրենիքին՝ մեր ժողովո՛ւրդն է, ի հայրենիս եւ ի սփիւռս միասնաբար>>, ըսաւ կաթողիկոսը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան, իր կարգին ողջունելէ ետք համաժողովի մասնակիցները՝ ելոյթին ընթացքին առաջարկեց այս համաժողովը օգտագործել որպէս Հայաստան-Սփիւռք ռազմավարական երկխօսութեան հարթակ, ուր միասնականութեան եւ բազմակարծութեան ոգիով տեղի ունեցող քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք պիտի ծնին ապագային միտող նոր գործողութիւններու ծրագիրներ՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի համայնքներու զարգացման ու հզօրացման համար: Ան անդրադարձաւ Հայաստանի ժողովրդագրական ներկայ պատկերին եւ արտագաղթի մտահոգիչ երեւոյթին, որոնք հետեւանք են քառորդդարեայ առարկայական եւ ենթակայական բազմաթիւ գործօններու: <<Յառաջիկայ բոլոր տարիներու մեր քայլերը պիտի ուղղուին Հայաստանի մէջ բնակչութեան բնական աճը աւելցնելուն: Մենք կը յայտարարենք, որ մեր նպատակն է, որ Հայաստանը 2040 թուականին ունենայ առնուազն 4 միլիոն բնակիչ: Ակնյայտ է, որ միայն ծնելիութեան մակարդակի աւելցումով, մարդոց կեանքի տեւողութեան երկարացման եւ ժողովրդագրական պատկերի բարելաւման քայլերով, մենք այդ նպատակին դժուարութեա՛մբ կը հասնինք, թէեւ այդ ուղղութիւններով հաստատակամօրէն առաջ կ՛երթանք: Հետեւաբար, նպատակադրումը կ՛ենթադրէ գալիք 25 տարիներուն ընթացքին դէպի Հայաստան ներգաղթի լո՛ւրջ ցուցանիշներու ձեռքբերում>>, ըսաւ նախագահը:

Ապա, անդրադառնալով Արցախի կարգավիճակին՝ նախագահ Սարգսեան յայտնեց. <<Ղարաբաղի, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ հայ ժողովուրդը իր դիքրոշումը կը խստացնէ: Չի՛ կրնար խաղաղութիւն տիրել, մինչեւ որ Ատրպէյճան չհաշտուի միջազգային հանրութեան ամրագրած սկզբունքներու գոյութեան հետ։ Մեր պետութեան դիրքորոշումը չէ՛ փոխուած՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բնակչութիւնը իր հայրենիքին մէջ ապրելու բնական իրաւունք ունի: Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը իր այս իրաւունքը ամէն օր կ՛իրականացնէ պետական կայուն համակարգով եւ զարգացող տնտեսութեամբ: Այս իրաւունքը պատմակա՛ն փաստ է, իսկ մնացեալ հարցերը կարելի է կարգաւորել խաղաղ բանակցութիւններու ճամբով: Մենք ապացուցած ենք, որ մեզի անհնա՛ր է այս ճանապարհէն շեղիլ>>։

Իսկ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, իր ողջոյնի խօսքին մէջ կարեւոր ու պահանջուա՛ծ համարեց բարձր մակարդակով կազմակերպուած այս համաժողովը՝ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ Արցախի համար, ընգծելով, որ այն խնդիրները, որոնք ընդգրկուած են համաժողովի օրակարգին վրայ, ունին ռազմավարական նշանակութիւն՝ մեր պետականութեան շարունակական զարգացման հեռանկարներու տեսանկիւնէն:

<<Կարեւոր է նաեւ այն, որ սոյն համաժողովի աշխատանքներուն կը մասնակցին պետական, քաղաքական ու հասարակական յայտնի գործիչներ, գիտնականներ, վերլուծաբաններ, բարերարներ, տարբեր ոլորտներու ներկայացուցիչներ՝ աշխարհի շատ երկիրներէ: Նման ներկայացուցչական բազմազգ կազմը նաեւ կը հանդիսանայ տարբեր ժողովուրդներու եւ պետութիւններու հետ երկխօսութեան հաստատման ու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ բարեկամական կապերու զարգացման յարմա՛ր հարթակ>>, նշեց Սահակեան:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր ողջոյնի խօսքին մէջ յոյս յայտնեց, թէ ներկայ համաժողովը կը դառնայ Հայաստան-Սփիւռք իրապաշտ երկխօսութեան եւ համահայկական խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու լուրջ քննարկման եզակի առիթ:

Արամ Ա. կաթողիկոսի ամբողջական ելոյթը կրնաք կարդալ մեր <<Օըր Օրին>> սիւնակով։

Համաժողովի ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենան յատուկ նիւթերու նուիրուած նիստեր, ինչպէս՝ Հայաստանի զարգացման հիմնախնդիրներ, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանական քաղաքականութեան առանձնայատկութիւնները՝ ժամանակակից մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ, արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ եւ հայապահպանման հիմնախնդիրներ:

Համաժողովի շրջանակէն ներս նաեւ պիտի կայանան Համահայկական խորհուրդի ստեղծման եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան հետագայ զարգացման հարցերուն նուիրուած աշխատանքային խումբի խորհրդակցութիւններ:

 

comments

Advertisement