Կարօ Փայլան այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր

By Asbarez | Thursday, 21 September 2017

0921garo-paylan1

Թուրքիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Հայաստան կատարած իր այցի առաջին օրը՝ 17 Սեպտեմբերին այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր:

Ան յարգանքի տուրք մատուցեց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին. կը հաղորդեն Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկէն:

Կարօ Փայլան իրեն ուղեկցող Ամերիկայի հայկական համագումարի գործադիր տնօրէն Բրայըն Արտունի, Ամերիկայի հայկական համագումարի տարածաշրջանային տնօրէն Արփի Վարդանեանի, տարածաշրջանային փորձագէտ Ալին Օզինեանի, իր խորհրդատու Թամար Նալճիի հետ միասին շրջայց կատարեց նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան, ծանօթացաւ հարիւրամեայ պատմութեան ողբերգական դրուագներուն եւ վաւերական մանրամասնութիւններուն:

Այցի վերջաւորութեան Կարօ Փայլան գրեց պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ: ՀՑԹԻ տնօրէնի պաշտօնակատար Սուրէն Մանուկեան Փայլանին նուիրեց Հայկ Դեմոյեանի <<Հայոց Ցեղասպանութեան Լուսաբանումը Համաշխարհային Մամուլի Առաջին Էջերին>> խորագիրով գիրքը:

comments

Advertisement