Սեւակ Պալըքճիի  Դատը Պիտի Քննուի Քաղաքացիական Ատեանի Մէջ

By Asbarez | Saturday, 04 November 2017

1104sevag

ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ մէջ զինուորական ծառայութեան ժամանակ ծառայակիցի մը կողմէ սպաննուած Սեւակ Շահին Պալըքճիի մահէն 6 տարի ետք, ոճիրը դարձեալ պիտի քննուի, այս անգամ՝ քաղաքացիական դատարանի մը կողմէ:

«Ակօս» թերթը կը տեղեկացնէ, թէ քաղաքացիական դատարանին մէջ Սեւակ Պալըքճիի սպանութեան դատական առաջին նիստը պիտի կայանայ 2018ի Փետրուար 8ին:

Նշենք, որ 2011ի Ապրիլ 24ին, Սեւակ սպաննուած էր թուրք զինուորի մը կողմէ։ Պնդուած էր, թէ ոճիրը պատահած էր պատահաբար արձակուած կրակոցի մը իբրեւ հետեւանք: Սակայն, Սեւակին ծնողները կը պնդեն, որ իրենց որդին սպաննուած է ազգայնականութեան հողի վրայ՝ հայ ըլլալուն համար:

Դատարանը 4.5 տարուան բանտարկութեան դատապարտած էր Սեւակին զինակիցը՝ անփութութեան իբրեւ հետեւանք մարդ սպաննելուն համար: Սակայն զինուորական վճռաբեկ դատարանը բեկանած էր վճիռը։ 2016ի Յուլիս 15ի յեղաշրջման փորձէն ետք, յատուկ որոշումով մը՝ Թուրքիոյ մէջ վերացուեցան ռազմական դատարանները: Այս որոշումէն ետք յայտնի դարձաւ, որ Տիգրանակերտի ռազմական դատարանին մէջ ընթացող Սեւակի սպանութեան գործը պիտի տեղափոխուի Քոզլուքի քաղաքացիական դատարան:

comments

Advertisement