Երկու Հայ Նախարարներ՝ Լիբանանի Նոր Կառավարութեան Մէջ

By Aztag Daily | Wednesday, 11 November 2009

ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Ա.Էֆ.Փէ>>., <<Ազդակ>>.- Ամիսներու անորոշութենէ ետք, Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան ծիրին մէջ թէ՛ իշխանամէտ եւ թէ՛ ընդդիմադիր քաղաքական ոյժերու ներկայացուցիչներուն յայտարարութիւնները անցող շաբաթավերջին նոյնացան, դառնալով դրական:

Կիրակի երեկոյեան, հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը մօտալուտ է, աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութենէն ետք ազգային երկխօսութեան նիստերը պիտի վերսկսին գումարուիլ։ Սլէյման կոչ ուղղեց վարչական ապակեդրոնացեալ դրութիւնը վերահաստատելու՝ շեշտելով ներկայ պայմաններուն մէջ այդ դրութիւնը որդեգրելու անհրաժեշտութիւնը։

Լիազօրուած վարչապետ Սաատ Հարիրի Կիրակի յետմիջօրէին խորհրդակցեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար երեսփոխան Ուալիտ Ճոմպլաթի, ինչպէս նաեւ Փաղանգաւորական կուսակցութեան ղեկավար Էմին Ժեմայէլի հետ։ Զոյգ հանդիպումներուն ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ այն մասին, որ Հարիրի հանդիպում մը ունենայ նաեւ Լիբանանեան ոյժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժաաժաայի հետ՝ վերջնականացնելու համար նախարարութեանց եւ նախարարներու պատկերները։

Իշխանամէտ Մարտ 14ի քաղաքական ոյժերուն հետ իր բանակցութիւնները աւարտելէ ետք, Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ ընդդիմադիր Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ՝ երեսփոխան զօր. Միշէլ Աունի հետ, անկէ ստանձնելով համախմբումին նախարարներուն անունները։

Երկուշաբթի գիշեր, Հարիրի այցելեց նախագահական պալատ եւ յանձնեց 30 նախարարներէ բաղկացած կառավարութեան կազմը, որուն մէջ 15 նախարարներ նշանակուած են իշխանամէտ ոյժերուն կողմէ, 10ը՝ ընդդիմութեան, իսկ 5ը՝ նախագահին կողմէ: Նախարարներէն երկուքը անդամ են >>Հըզպալլա<<ի: Սլէյման վաւերացուց նոր կառավարութեան կազմը, որուն մէջ Իլիաս Մըր կը մնայ պաշտպանութեան նախարար, Ալի Շամի՝ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար, եւ Զիատ Պարուտ՝ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար:

Նշենք, որ Ուրբաթէն Շաբաթ լուսցող գիշերուան ընթացքին, ընդդիմութեան ղեկավարներն ու անոնց ներկայացուցիչները գումարեցին նիստ մը, որուն ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ կառավարութեան կազմութեան առումով։

 

comments

Advertisement