Չինաստանի Ցինտաօ քաղաքին մէջ Հայաստանի համագործակցութեան գրասենեակ բացուած է

By Asbarez | Thursday, 23 November 2017

1124chinaoffice1

Չինաստանի մօտ Հայաստանի դեսպան Սերգէյ Մանասարեանի եւ Չինաստանի մէջ Հայաստանի առեւտրական կցորդ Հրանդ Ապաճեանի՝ Չինաստանի Ցինտաօ քաղաք կատարած այցի ծիրին մէջ, 17 Նոյեմբերին տեղի ունեցաւ հանդիպում <<Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ>> նորարարական համագործակցութեան կեդրոնի նախագահ Լու Ճանկի հետ:

Նոյն օրը տեղի ունեցաւ Հայաստանի համագործակցութեան գրասենեակի բացման արարողութիւնը, որ ազդարարուեցաւ Հայաստանի Առեւտրաարդիւնաբերական պալատի, Արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան եւ <<Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ>> նորարարական համագործակցութեան կեդրոնին միջեւ պայմանագիրներու ստորագրումով: Համագործակցութեան պայմանագիր ստորագրուեցաւ նաեւ Չինաստանիի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան եւ <<Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ>> նորարարական համագործակցութեան կեդրոնին միջեւ:

<<Մէկ գօտի մէկ ճանապարհ>> նորարարական համագործակցութեան կեդրոնին հետ Հայաստանի համագործակցութեան գրասենեակի բացման վերաբերեալ շուրջ կէս տարի տեւած բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ ձեռք բերուած էր համաձայնութիւն, որ հայկական կողմէն գրասենեակի գործառոյթները պիտի իրականացուին Հայաստանի Առեւտրաարդիւնաբերական պալատի եւ Արդիւնաբերողներու ու գործարարներու միութեան կողմէ: Գրասենեակին գործառոյթները պիտի տարածուին Չինաստանի հիւսիսային հատուածին մէջ՝ ընդգրկելով 19 նահանգներ:

 



comments

Advertisement