Հայ Դատը Օպամային Ուղղուած Դիմումներու Արշաւ Կը Ձեռնարկէ

By Asbarez | Wednesday, 11 November 2009

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9ին կը տեղեկացնէ, թէ Դեկտեմբեր 7ին կայանալիք Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի Ուաշինկթըն այցելութեան առիթով մէկ ամսուան արշաւ մը նախաձեռնուած է, Քոնկրէսին, լրատուական գործակալութիւններուն եւ Սպիտակ տան համոզելու համար, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու համար պէտք է յաւելեալ ճնշում բանեցուի Էրտողանին վրայ:

Աշխատանք պիտի տարուի նաեւ լուսարձակի տակ առնելու Տարֆուրի մէջ շարունակուող ցեղասպանութիւնը:

Այս նպատակով համացանցային յատուկ կայքէջ մը կազմուած է, ուր կարելի է գտնել այս նախաձեռնութիւններուն մասին վերջին նորութիւնները: Կայքէջին հասցէն է՝ anca.org/countdown:

Արշաւին առաջին շաբթուան ընթացքին շեշտը պիտի դրուի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին վրայ, իսկ երկրորդ շաբթուան ընթացքին թիրախը պիտի ըլլայ Ներկայացուցիչներու տունը: Երրորդ եւ չորրորդ շաբաթներուն, աշխատանքը յաջորդաբար պիտի կեդրոնանայ լրատուական գործակալութեանց եւ Սպիտակ տան վրայ:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ ամերիկահայութեան, որ ամէն օր համացանցային վերոյիշեալ կայքը այցելելով համացանցային հեռապատճէներ ղրկեն որոշուած պաշտօնատարներուն: Այս Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 12ին, որոշուած է ծերակուտականներուն հեռաձայնային դիմումներ կատարել:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան կը յայտնէ, թէ նախագահ Պարաք Օպամա ոչ միայն չէ յարգած Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր խոստումը, այլեւ Հայաստանի վրայ ճնշում բանեցնելով պարտադրած է, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բարելաւման արձանագրութեանց մէջ Երեւան ընդունի պատմական հարցերու <<յանձնաժողով>> մը կազմելու նախապայմանը: <<Էրտողանի այցելութիւնը լաւ առիթ մըն է նախագահին, որ յարգէ իր խոստումը>>, կ՛աւելցնէ ան:

 

comments

Advertisement