By Asbarez | Wednesday, 11 November 2009
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական <<Էն. Թի.Վի.>> պատկերասփիւռի կայանը, վկայակոչելով <<Ամերիկայի ձայն>> ձայնասփիւռի կայանը, կը յայտնէ, որ Միացեալ Նահանգներու վերջին նախագահական ընտրութիւններու հանրապետական թեկնածու Ճան ՄըքՔէյն յայտարարած է, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն մըն է։ <<Ամերիկայի ձայն>>ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին, իր ընտրապայքարին ընթացքին նման կեցուածք մը որդեգրել մերժած ծերակուտական ՄըքՔէյն յայտնած է, որ Հայկական Ցեղասպանութեան պնդումները հիմնաւորուած են փաստերով։
<<Ես կը հաւատամ, թէ հայերու դէմ ցեղասպանութիւն կատարուած է եւ կը կարծեմ, որ ատոր հետ կապուած բաւական շատ փաստեր կան։ Նախապէս տեղի ունեցած իրադարձութիւնները հայ եւ թուրք ժողովուրդներն ու պետութիւնները չեն կրնար մոռնալ, եւ այդ պատճառով կը մտածեն յարաբերութիւնները բազմակողմանի կերպով զարգացնել։ Առաջին անգամն է որ կողմերը առաջընթացի քայլեր կը կատարեն, ինչ որ ողջունելի է>>, ըսած է հանրապետական ծերակուտականը։
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan