Հայկական Եկեղեցիներուն Վերադարձը Պահանջող Բանաձեւը Վաւերացուեցաւ

By Asbarez | Wednesday, 14 December 2011

 

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը, Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13ի երեկոյեան վաւերացուց կրօնական ազատութիւններու մասին թիւ 306 բանաձեւը, որ Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ հայկական եւ քրիստոնէական բոլոր եկեղեցիները, եկեղեցական կալուածներն ու ստացուածքները վերադարձնել իրենց պատմական իրաւատէրերուն, թոյլատրել անոնց մէջ հոգեւոր արարողութիւններ ու նորոգութիւններ կատարել ու վերջ տալ կրօնական խտրականութիւններուն։

Բանաձեւին հեղինակներն են հանրապետական Էտ Ռոյս եւ դեմոկրատ Հաուըրտ Պըրմըն, իսկ բանաձեւը Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստի քննարկման ու քուէարկութեան դրուեցաւ՝ Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական մեծամասնութեան ղեկավար Էրիք Քենթըրի նախաձեռնութեամբ։

Քոնկրեսական Էտ Ռոյս իր արտասանած խօսքին ընթացքին նշեց. «Հակառակ այն իրողութեան, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան վերջին շրջանին կը պնդէր, որ կրօնական ազատութիւններու հարցին մէջ իրենք յառաջընթաց ապահոված են, Թուրքիոյ քրիստոնեայ համայնքները կը շարունակեն խիստ խտրականութիւններու ենթարկուիլ»։

Բանաձեւին ի նպաստ ելոյթ ունեցան նաեւ Հաուըրտ Պըրմըն, Էտըմ Շիֆ, Ֆրենք Փալոն, Պրետ Շըրմըն, Էլիըթ Էնկըլ, մինչ Քոնկրեսի թրքական համախմբումի համանախագահ Էտ Ուիթֆիլտ միակն էր, որ բանաձեւին դէմ արտայայտուեցաւ:

Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը այս տարուան Յուլիս 20ին վաւերացուցած էր սոյն բանաձեւը։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը դրուատեց բանաձեւին վաւերացումը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր այն քոնկրեսականներուն, որոնք նեցուկ կանգնած էին անոր, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց քոնկրեսականներուն կոչ ըրած էին աջակցելու այս բանաձեւին:

Քոնկրեսական քննարկումը կարելի է դիտել Հայ Դատի յանձնախումբի www.anca.org/return կայքէջէն:

Թիւ 306 բանաձեւին 4 հիմնական կէտերն են՝

- Դադրեցնել Թուրքիոյ մէջ բոլոր տեսակի կրօնական խտրականութիւնները.

- Արտօնել եկեղեցիներուն իրականացնել կրօնական ծէսեր, մատուցել կրթական, ընկերային ծառայութիւններ՝ առանց սահմանափակումներու.

- Վերադարձնել քրիստոնէական եկեղեցիները, կրօնական եւ կրթական կառոյցները, դպրոցները, յուշարձանները, սրբավայրերը եւ այլ աղօթատեղիներ, ինչպէս նաեւ շարժական գոյքը (արուեստի գործեր, ձեռագիրներ, եւ այլն).

- Արտօնութիւն տալ քրիստոնեաներուն կատարել եկեղեցիներու, աղօթատեղիներու, այլ սրբավայրերու եւ հիւանդանոցներու նորոգութեան աշխատանքներ:

comments

Advertisement